Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Ամերիկան Մեզի Դէմ Քայլի Դիմէ, Ապա Գլուխէն Պիտի Հարուածենք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալամի

Մայիս 13, 2019
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Հիւսէյն Սալամի շեշտեց. «Եթէ Միացեալ Նահանգներ քայլի դիմեն, զանոնք գլուխէն պիտի հարուածենք»:

Ան իրանեան խորհրդարանին մէջ դռնփակ լսումի մը ընթացքին յայտնեց. «Ծոցին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը միշտ ալ վտանգաւոր սպառնալիք եղած է, իսկ այժմ վերածուած է առիթի»:

«Ամերիկայի կողմէ Իրանի դէմ պատերազմի շղթայազերծումը անկարելի է», ըսաւ ան:

Իրանի խորհրդարանը երէկ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու ամրապնդման վերջին քայլերը: Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Միացեալ Նահանգներու հետ տագնապի ներկայ իրավիճակն ու շրջանին մէջ ամերիկեան ուժերու կուտակումը:

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Հիմշեթալլա Ֆլահաթպիշէ իր կարգին ըսաւ. «Ամերիկացիները գիտեն, որ Իրանի դէմ պատերազմ մղելու կարելիութիւնը չունին»:

«Պատերազմ տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ Ամերիկայի ռազմավարութիւնը պատերազմը չէ: Այն ինչ որ կը ձգտին իրագործել հոգեբանական պատերազմն է, եւ կը փորձեն զայն պարտադրել պատժամիջոցներու ու տնտեսական ճնշումներու կողքին», ըսաւ ան:

«Իրան կարողութիւնը ունի իր պաշտպանողական քաղաքականութեան ծիրին մէջ 2000 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ հարուածելու: Եթէ ամերիկեան մարտանաւերը փորձեն որեւէ բան ընել, ապա անոնք մեզմէ առաւելագոյնը 500 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին», ըսաւ Ֆլահաթպիշէ:

«Ամերիկան Իրանի դէմ իր բոլոր խաղաքարտերը սպառեց, իսկ Իրան կը շարունակէ իր խաղաքարտերը պահել… եւ այն կարծիքը ունինք, որ ամերիկացիները ապագային պիտի փոխեն իրենց կեցուածքը», նշեց ան` աւելցնելով. «Եթէ որոշուած է բանակցութիւններու համար մթնոլորտ ստեղծել, ապա ամերիկացիները պարտին ետդարձ կատարել իրենց կարգ մը քաղաքականութիւններէն»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց. «Մենք պիտի չսխալինք, մեր նպատակը պատերազմը չէ, մեր նպատակը իրանեան ղեկավարութեան վարքագիծի փոփոխութիւնն է»:

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Ռմբակոծեց Իտլիպի Հարաւ- Արեւմուտքը Գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի Կեդրոնատեղին Եւ Համայի Մէջ Գիւղեր Ազատագրեց

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարը Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?