Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Լիւքսամպուրկի Վարչապետին Հետ

May 14, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիւքսամպուրկ այցելած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 13 մայիսին հանդիպում ունեցած է Լիւքսամպուրկի վարչապետ Խավիեր Պեթելի հետ, որ վստահութիւն յայտնած է այն մասին, թէ հայ ժողովուրդին կողմէ ստացած վստահութեամբ վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը պէտք է հասնի յաջողութիւններու եւ իրականացնէ նախանշուած ծրագիրները, Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններն ու բարեփոխումները: Ան հաստատած է, որ յառաջիկային երկու երկիրներու կառավարութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցութիւնը` ի նպաստ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման եւ ժողովուրդներու միջեւ առկայ կապերու ամրապնդման:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր նկատած է տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացումն ու առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը: Ան ընդգծած է երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացման եւ յստակ քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումները մեծապէս պիտի նպաստեն նաեւ գործարար միջավայրի բարելաւման,  նաեւ ներդրումային արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման համար պիտի ստեղծեն անհրաժեշտ բարենպաստ պայմաններ:

Հայաստանի վարչապետը անդրադարձած է այս աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովին` կարեւոր նկատելով լիւքսամպուրկեան ընկերութիւններուն մասնակցութիւնը այդ կարեւորագոյն ներկայացուցչական ժողովին:

Կողմերը քննարկած են տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու` տեղեկատուական արհեստագիտութեան, վերամշակուող արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հեռանկարները: Գործարար կապերու աշխուժացման նպատակով անոնք անհրաժեշտ նկատած են գործարար ժողովներու կազմակերպումն ու իրականացումը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Խավիեր Պեթել շրջած են Լիւքսամպուրկի մէջ, այցելած քաղաքապետարան, ուր Հայաստանի վարչապետը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցած է քաղաքապետ Լիտի Պոլֆերի հետ:

Հայկական պատուիրակութիւնը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին առիթով կայացած պաշտօնական ընթրիքին:

 

 

Նախորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Հրադադարի Համաձայնագիրը Իրականութիւն Դարձաւ Շարք Մը Գործօններու Շնորհիւ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Հրադադարի 25-Ամեակ. Շփման Գիծի Վերականգնում Եւ Գործիքակազմի Կահաւորում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.