Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան Կարեւոր Նկատած Է Եւրոպական Միութեան Շարունակական Աջակցութիւնը` Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքին

Մայիս 14, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարար Զոհրապ Մնացականեան 13 մայիսին մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:

Ան ընդգծած է, որ նախաձեռնութեան 10-ամեակը լաւ առիթ է գնահատելու առաջին տասը տարիներուն ընթացքին Արեւելեան գործընկերութեան արձանագրած ձեռքբերումները եւ քննարկելու համագործակցութեան հեռանկարները` դիտել տալով, որ թէեւ կան տեսակէտներու, արժեւորումներու եւ ընկալումներու տարբերութիւններ, բայց եւ այնպէս Եւրոպական Միութեան եւ արեւելեան վեց գործընկեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խորացման հարթակ է` տարբեր մակարդակներու վրայ:

Հայաստանի համար Արեւելեան գործընկերութեան պարունակին մէջ նախարար Մնացականեան առանձնացուցած է երեք գործօն` Հայաստանի, իբրեւ համագործակցութեան առաւել ճկուն եւ ընդլայնուած շրջանակներ փնտռող երկրի առանձնայատուկ դիրքի ճանաչումն ու ընկալումը, Եւրոպայի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր արժէքներու կարեւորութիւնը եւ Հայաստանի իւրայատուկ ներդրումը Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ: Ան հաստատած է, որ Հայաստան յանձնառու է ամրապնդելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ, նաեւ անկէ ակնկալելով աջակցիլ Հայաստանի մէջ կատարուելիք բարեփոխումներուն:

Անդրադարձ կատարելով առկայ մարտահրաւէրներուն` նախարար Մնացականեան ընդգծած է, որ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան եւ առճակատման դիմակայելու համար անհրաժեշտ է Եւրոպայի մէջ խորացնել համագործակցութեան ներուժը եւ կարողութիւնները: Ան խօսած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապին մասին` կարեւոր նկատելով Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Ան ընդգծած է, որ այս սկզբունքները եւ դիրքորոշումները վերահաստատուած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մէջ:

Մնացականեան Եւ Մամետեարով Պրիւքսելի Մէջ Ձեռնուեցան

Ազրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը երէկ հաղորդեց, որ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետարովի կարճատեւ հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան աւելի ուշ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Նախարարները իրարու ձեռք սեղմեցին: Հայկական եւ ազրպէյճանական պատուիրակութիւններու պաշտօնական բանակցութիւններ ծրագրուած չեն»:

 

Նախորդը

Մեքսիքայի Միչոաքան Նահանգի Քոնկրեսը Որդեգրած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Եւ Դատապարտող Յայտարարութիւն Մը

Յաջորդը

Քոչարեանի Պաշտպանները Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Են Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանին

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?