Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը Արցախի Պատճառով Արգելակած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Յոբելենական Հռչակագիրը

May 15, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելի մէջ 13 մայիսին աւարտած է Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի տասնամեակին նուիրուած վեհաժողովի առաջին օրը: Առաջարկուած է հանդիպումին աւարտին ստորագրել յոբելենական հռչակագիր, ինչ որ կարելի չէ եղած, որովհետեւ փաստաթուղթը արգելակած է Ազրպէյճանը` «Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան» հարցը չներառելու պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը:

Ուքրանիան եւ Վրաստանը իրենց կարգին պահանջներ ներկայացուցած են Արեւելեան գործընկերութեան անդամ առանձին երկիրներու կողմէ Եւրոպական Միութեան համարկման ձգտման յղումներու բացակայութեան վերաբերեալ:

Իրավիճակին անդրադարձած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին, որ Պրիւքսելի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է. «Այստեղ խօսքը տարեդարձի, տօնի մասին է, որուն ընթացքին մենք կ՛ընդգծենք վերջին տարիներուն արձանագրուած ամբողջ յառաջընթացը: Այդ իսկ պատճառով մենք կեդրոնացած ենք անոր վրայ, որուն հասած ենք` գործընկերութեան նշանակութեան, ապագայ հեռանկարներուն վրայ»:

«Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրին անդամ երկիրներն են Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Պիելոռուսիան, Վրաստանը, Մոլտովան եւ Ուքրանիան: Վերջին երեք պետութիւնները Եւրոպական Միութեան անդամակցիլը իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնը նկատած են: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան համարկման ձգտման յղումներու բացակայութեան, ապա Մոկերինի ըսած է, որ ծրագիրի անդամ երկիրներէն երեքը կապուած են Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրով, իսկ միւս երեքը չունին այդպիսի համաձայնագիր:

«Պէտք էր ընտրել մօտեցում մը, որ կը յարգէ բոլորը», նշած է Մոկերինի:

Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտնած է, որ հռչակագիրին վերաբերեալ Ազրպէյճանի բողոքին առնչուած հարցը պէտք է ուղարկուի Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան եւ կազմակերպութեան նախագահող Ռումանիոյ: Ըստ անոր, հռչակագիրի նախագիծը Ազրպէյճանի համար «բաւարար չէր»:

«Վստահ եմ, որ ատիկա այդպէս եղած է ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ ծրագիրի անդամ այլ երկիրներու համար: Երկար քննարկումներէ ետք որոշուեցաւ, որ այս հռչակագիրը չի բաւարարեր մեզ: Յատկապէս, երբ խօսքը Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ նշուած սկզբունքներուն մասին է…», ըսած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Պելճիքայի Մէջ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերը Կը Շեշտեն Բանակցութիւններուն Արցախի Ուղղակի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Եւ Արկադի Ղուկասեան Երաշխաւորագիր Ներկայացուցած Են Դատարան` Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Համար

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.