ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկուշաբթի, 13 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը, շարունակեցին հրթիռներ արձակել Համայի արուարձաններու բնակելի շրջաններուն ուղղութեամբ:
Կիրակի, 12 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներով թիրախ դարձուցած էին Սքելպիէի բնակչութիւնը: Հրթիռակոծման իբրեւ հետեւանք զոհուած էին 5-10 տարեկան 4 մանուկներ, վիրաւորուած տասնեակ քաղաքացիներ: Զոհերէն մէկը փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն էր:
Երէկ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կրկին հրթիռակոծած են գիւղը: Արձանագրուած է 1 զոհ եւ 5 վիրաւոր: