Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովը

Մայիս 15, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 10-12 մայիս 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը` հետեւեալ խորագիրով. «Զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու հնարաւորութիւններու օգտագործումը` յօգուտ Հայ դատի աշխատանքներուն ու Արցախի ճանաչման»:

Հայաստանէն, Արցախէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն, Պելճիքայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն մօտ 50 պատուիրակները ներկայացուցին մասնակից միութիւններու գործունէութիւնը, լսեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ Միհրան Քիւրտօղլեանի դասախօսութիւնները` ՀՅԴ մամուլին, Հայ դատին, արցախեան պայքարին եւ տեղեկատուական պատերազմին մասին:

Լիագումար նիստերու եւ յանձնախմբային աշխատանքներու ընթացքին տեղի ունեցան բազմաթիւ քննարկումներ` հայութիւնը եւ Եւրոպայի երիտասարդութիւնը յուզող հարցերու շուրջ:

Ժողովը արձանագրեց հետեւեալը.

– Հայաստանի եւ հայութեան ներկայ վիճակը յղի է ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ վտանգներով: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնները յանձնառու են հզօր, ժողովրդավար, ընկերվար եւ ազգային արժէքներ կրող պետութեան կերտման գործին: Ժողովը ողջունեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան տարած աշխատանքը` երկրին մէջ ընկերային տարաբնոյթ խնդիրներու, ընկերային արդարութեան հաստատման, ժողովուրդի կարիքներու ապահովման, բնապահպանական ու այլ ուղղութիւններով:

– Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնն ու եւրոպական երկիրներու մէջ թուրք-ազրպէյճանական լոպիինկի դէմ պայքարը առաջնահերթութիւն է ՀՅԴ երիտասարդութեան համար: Աշխատանք պէտք է տարուի, որպէսզի թրքական պետութեան կողմէ մեր արդար իրաւունքներու հատուցման հարցը դառնայ տիրական` հայ երիտասարդութեան եւ հայութեան ընդհանուր օրակարգերուն մէջ:

– ՀՅԴ եւրոպահայ երիտասարդութիւնը կը հաստատէ, որ Ջաւախքի հայութեան ու երիտասարդութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները պէտք է նոր թափ ստանան` շրջանի հայեցի դիմագիծը պահպանելու համար:

– Պետք է շարունակել Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող գաղութներու եւ անոնց երիտասարդութեան կազմակերպման ու վերաշխուժացման աշխատանքը: Հայկական իրականութեան եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ ամէնէն տարածուն, բազմանդամ, գաղափարական ու քաղաքականացած հայկական երիտասարդական ուժը հանդիսանալով` ՀՅԴ երիտասարդականը գիտակից է իր ստանձնած առաքելութեան:

– Զանգուածային լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու ճիշդ օգտագործումը կարեւոր միջոց է ՀՅԴ երիտասարդականի նպատակներն ու գործունէութիւնը ներկայացնելու, թշնամիներու եւ մրցակիցներու տեղեկատուական յարձակումներուն եւ ցեխարձակումներուն արձագանգելու գործին մէջ: ՀՅԴ երիտասարդականը ամէն ջանք պէտք է գործադրէ արդիական, գրաւիչ, հետեւողական ու ներգործուն ներկայութիւն ըլլալու համար այս ցանցերուն վրայ: Ժողովը շեշտեց նաեւ ՀՅԴ երիտասարդական պարբերաթերթերու դերը` մտաւորական ուժի ձեւաւորման գործին մէջ:

Մասնակիցները հաստատեցին, որ շրջանային նմանօրինակ հանդիպումները եւրոպահայ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը զինեն նորանոր գիտելիքներով եւ դաշնակցական սկզբունքներով` շարունակելու համար քրիստափորեան յարատեւ կռիւը:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?