Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու նստավայրին մէջ ընթացող Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստին ընթացքին Քոչարեանի պաշտպաններէն Յովհաննէս Խուդոյեան ներկայացուցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի անձնական երաշխաւորութիւնը` Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ:
Ըստ «Արմենփրէս»-ին, նախագահող դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեան ըսած է, թէ երաշխաւորութեան քննութեան համար պէտք է ապահովել անոնց ներկայութիւնը:
Նշենք, որ Բակօ Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեան նախապէս դիմած էին Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանին` մայիսի 9-ին ընդառաջ, Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու խնդրանքով: Ի պատասխան` դատախազութիւնը նշած էր, որ դիմումի քննարկումը դուրս է Հայաստանի դատախազութեան լիազօրութիւններէն:
Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան քննարկումը պիտի շարունակուի այսօր` 15 մայիսին: