Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պելճիքայի Մէջ Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերը Կը Շեշտեն Բանակցութիւններուն Արցախի Ուղղակի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Մայիս 15, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքայի Ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբը 12 մայիսին հրապարակած է յայտարարութիւն` Արցախի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած Կրակոցի եւ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելուն 25-ամեակին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ ափսոսանք կը յայտնուի, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին ոչ մէկ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած է երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման շուրջ համապարփակ համաձայնութեան հասնելու ճամբուն վրայ, որուն ապացոյցն է ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումը:

Բարեկամութեան խումբի անդամները կ՛ընդգծեն, որ տագնապը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով, ինչպէս նաեւ կը նշեն զինադուլի դրութեան խախտումներու հետաքննութեան եւ սահմանին վրայ տիրող իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեքանիզմի ներդրման անհրաժեշտութիւնը:

«Համոզուած ենք, որ բուն արդիւնաւէտ խաղաղ հոլովոյթին հասնելու համար անհրաժեշտ է ուղիղ երկխօսութիւն հաստատել Արցախի ժողովուրդին հետ եւ ապահովել Կրակոցի դադրեցման մասին համաձայնագիրի մասնակիցներէն մէկուն` Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու լիարժէք մասնակցութիւնը բանակցային հոլովոյթին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Պելճիքայի ֆրանսախօս երեսփոխաններու եւ ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներու` Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակը իր կարգին 12 մայիսին նոյն առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած են, որ 2016-ի ապրիլեան պատերազմը յիշեցումն է իրավիճակի պայթիւնավտանգ ըլլալու եւ հաւանական սրման ողբերգական հետեւանքներուն մասին:

«Տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի: Ռազմատենչ հռետորաբանութեան, ատելութեան քարոզի զսպումը եւ վստահութեան մթնոլորտի հաստատումը, իբրեւ օրինակ, զինադուլի խախտումները կանխարգիլելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը, որուն հայկական կողմը համաձայնած է, եւ մարդկային հաղորդակցութեանց աշխուժացումը էական նախադրեալ կը հանդիսանան», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Բարեկամութեան շրջանակի անդամները համոզում յայտնած են, որ շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է բանակցային հոլովոյթին Արցախի իշխանութիւններու լիարժէք մասնակցութիւնը` իբրեւ տագնապի, ինչպէս նաեւ Կրակի եւ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին համաձայնագիրի ստորագրող կողմերէն մէկը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը 2019-ի Պետական Ամավարկի Իր Քննարկումները Այսօր Կ՛եզրափակէ Իր Գումարելիք Զոյգ Նիստերով

Յաջորդը

Ազրպէյճանը Արցախի Պատճառով Արգելակած Է Արեւելեան Գործընկերութեան Յոբելենական Հռչակագիրը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?