Newsletter

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն  Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

Կիրօ Մանոյեան. «Անհրաժեշտ Է Պետականօրէն Նշել Իրաւական Հռչակագիրներուն 100-ամեակները»

Միացեալ Հայաստանի Անկախութեան Հռչակման 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով Մայիս 24-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային (ԳԱԱ) մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան եւ  ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկին նախաձեռնած «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան` 28 մայիս 1919-ի հռչակագիրը. պատմութիւն եւ արդիականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը, որ նուիրուած է անկախ, միացեալ Հայաստանի հռչակման 100-ամեակին: Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ հռչակագիրին պատմական կարեւորութիւնը, վեր առնուեցան անոր քաղաքական նշանակութիւնը, հեռանկարները եւ այլն: ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի...

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային  Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական  Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

Լիլիթ Գալստեան. «Անցումային Արդարադատութիւնը Պէտք Չէ Քաղաքական Վրէժխնդրութեան Գործիք Դառնայ»

Երէկ խորհրդարանին մէջ կայացող անցումային արդարադատութեան մասին լսումներուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան` շեշտելով, որ անցումային արդարադատութիւնը խիստ վիրահատական եւ ցաւոտ երեւոյթ մըն է, որ սակայն կարելի է տեղաւորել շատ վիպապաշտական բնորոշման մէջ` ճշմարտութեան եւ արդարութեան որոնումի: «Նպատակը ինքնին լաւ է, բայց հարց կը ծագի` ի՞նչ գործիքակազմով պէտք է անոր հասնիլ», հարցուց ան: Գալստեան դիտել...

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն  Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն.  Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական  Համալսարանի Նախագահութենէն

Գագիկ Յարութիւնեան Հրաժարած Է Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդի Նախագահի Պաշտօնէն. Արամ Սիմոնեան` Երեւանի Պետական Համալսարանի Նախագահութենէն

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ԲԴԽ-ի մամլոյ քարտուղար Արման Խաչատրեան: «Նկատի ունենալով դատական իշխանութեան եւ դատաւորներուն առնչութեամբ ընթացող զարգացումները եւ այդ առիթով մայիս 20-ին մամուլով իմ արտայայտած մտահոգութիւններս` այլեւս նպատակայարմար չեմ նկատեր իմ հետագայ աշխատանքս Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի եւ խորհուրդի անդամի կարգավիճակներուն մէջ», իր դիմումին...

Թոմ Ուաթսըն. «Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք  Եզրափակիչին Հենրիխ Մխիթարեանի  Չմասնակցիլը Խայտառակութիւն Է»

Թոմ Ուաթսըն. «Պաքուի Մէջ Տեղի Ունենալիք Եզրափակիչին Հենրիխ Մխիթարեանի Չմասնակցիլը Խայտառակութիւն Է»

Արսենալի որոշումով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի կիսապաշտպան, անգլիական խումբի անդամ Հենրիխ Մխիթարեանի բացակայութիւնը Պաքուի մէջ 29 մայիսին տեղի ունենալիք «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումէն, բուռն քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ բրիտանական խորհրդարանին մէջ: Արդարեւ, Աշխատաւորական կուսակցութեան փոխնախագահ Թոմ Ուաթսըն Դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկման տեսագրութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս ըսած է. «Խայտառակութիւն է,...

Այցելութիւն Ներքին  Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

Այցելութիւն Ներքին Գործոց Նախարար Ռայա Հասանի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին  երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան  նախարար Աւետիս Կիտանեան, այցելեց ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի, որուն հետ քննարկեց երկրի ապահովութեան ընդհանուր կացութիւնը, քաղաքապետութեանց հետ առնչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկին առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայահոծ շրջաններու կապուած կարգ մը խնդիրներու, որոնց գծով նախարար Հասան անմիջական լուծումներու նախաձեռնեց: Նաեւ` Զինուորական...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (1). Արմէն Սարգսեան Եւ Սամուէլ Սարեան Ներկայացուցին Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` Իբրեւ Կառոյց Եւ Գործունէութիւն

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրի երկրորդ փուլի առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Դասախօսներն էին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեան, եւ նոյն նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կցորդ Սամուէլ Սարեան: Ըստ աւանդութեան, երեկոյեան ժամը 5:00-ին տեղի ունեցած այս հանդիպումին ընթացքին զոյգ դասախօսները անդրադարձան Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան...

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

«Վանայ Ձայն»-ի Երիտասարդ Խօսնակներու Պատրաստութեան Դասընթացքը Ընթացք Առաւ

Երէկ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ընթացք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի երիտասարդ խօսնակներու պատրաստութեան դասընթացքը, կազմակերպութեամբ ռատիոկայանի տնօրէնութեան, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու երկրորդական բաժինի 17 աշակերտներու: Դասընթացքին բացումը կատարելով, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան յայտնեց, որ դասընթացքը իր տեսակին մէջ եզակի է, որովհետեւ ան կը նպատակադրէ բանաւոր մեր մամուլին համար ժամանակակից հմտութիւններով մարդուժ պատրաստել: Դասընթացքը կը նպատակադրէ հանդիպումներու շարքով մը...

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով  Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները  Յանուն Երկրի Լրջանալու  Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին

ՀՅ Դաշնակցութիւնը Բազմամարդ Հանրահաւաքով Մեկնարկը Յայտարարեց Իշխանութիւնները Յանուն Երկրի Լրջանալու Եւ Զգաստութեան Հրաւիրելու Շարժումին

Երէկ` 23 մայիսին, ժամը 19:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուած էին մեծաթիւ հայորդիներ` ընդառաջելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կոչին` համախմբուելու եւ  վերջին օրերուն երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակին նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնները յայտնելու, յատկապէս դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտեցումներուն լոյսին տակ, որոնք կրկին հանրային-պետական կեանքի ալեկոծման պատճառ դարձան: «#Լրջացէք #Յանուն Երկրի» կարգախօսը կրող հանրահաւաքին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին եւ...

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

Բագրատունի Ընդունեց Քուպայի Դեսպանը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուպայի դեսպան Ալեքսանտր Փիլիքըր Մորական, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Քուպայի միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները: Այցելութեան ընթացքին դեսպանին առաջարկով երեսփոխան Բագրատունի լայնօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան իրավիճակին, ՀՅ Դաշնակցութեան անցեալին եւ դերակատարութեան: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային կացութեան:

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Կը Մասնակցին  Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Ռազմափորձերու

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Կը Մասնակցին Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունեցող Ռազմափորձերու

Թուրքիոյ մէջ ընթացք առած են «Էրճիես-2019» ռազմափորձերը: Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմափորձերուն կը մասնակցին Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Վրաստանն ու Փաքիստանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Օքսու» կայքը: Ազրպէյճան այս օրերուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մօտ տեղի ունեցող «Անատոլու Անքասը 2019» ռազմափորձերուն, որոնց կը մասնակցին նաեւ Վրաստանի, Քաթարի, Փաքիստանի, Ռումանիոյ եւ Իտալիոյ օդուժները:

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի.  Թրամփ Եւ Էրտողան Կրնան Շուտով  Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Ունենալ

Ըստ «Հիւրրիյէթ»-ի. Թրամփ Եւ Էրտողան Կրնան Շուտով Դէմ Առ Դէմ Հանդիպում Ունենալ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաւանաբար շուտով ունենան դէմ առ դէմ հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ կա՛մ Թուրքիոյ, կա՛մ ալ Ճափոնի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը: Պաշտօնատարը, որ ուզած է անանուն մնալ, բացատրած է, որ Էրտողան Թրամփը Թուրքիա...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց  Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Միասնականութեան Անհրաժեշտութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Քանատայի մէջ Սլէյմանի մասնակցած` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սահմանադրական խորհուրդներու եւ դատական ատեաններու համադաշնակցութեան Ը. ընդհանուր ժողովին արդիւնքները: Սլէյման յայտնեց, որ Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդին ներդրումը այս ընդհանուր ժողովին եղած է նկատառելի, որովհետեւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սահմանադրական խորհուրդներու եւ...

Նախարար Կիտանեան. «Այս Տարուան  Զբօսաշրջական Եղանակը Շատ Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Նախարար Կիտանեան. «Այս Տարուան Զբօսաշրջական Եղանակը Շատ Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մասթիթա-Ժիպէյլի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Վայկըր Սիթի» զբօսաշրջական համալիրին: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ հանրապետութեան նախագահի առողջապահական եւ ընկերային հարցերու խորհրդատու, նախկին երեսփոխան Ուալիտ Խուրի, Ժիպէյլի գաւառապետ Նաթալի Մերհի-Խուրի, Ամշիթի քաղաքապետ Անթուան Իսա, Աքայպէի քաղաքապետ Ժոզեֆ Տաքքաշ, Ժիպէյլի նախկին քաղաքապետ Ժոզեֆ Շամի, Ժիպէյլի թաղապետներու համադաշնակցութեան նախագահ Միշել Ժըպրան, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու, ընկերային եւ մշակութային միութիւններու...

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ  Գրառումի Հեղինակ Թուրք Ընդդիմադիր  Գործիչի Բանտարկուիլը Կը Պահանջուի

Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Գրառումի Հեղինակ Թուրք Ընդդիմադիր Գործիչի Բանտարկուիլը Կը Պահանջուի

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային վարչութեան նախագահ Ճանան Քաֆթանճըօղլուի շուրջ հետաքննութիւնը սկսած էր 1,5 տարի առաջ: Ան կը մեղադրուէր «հրապարակաւ ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրման», «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզը կատարելու», «նախագահին վիրաւորելու», «հասարակական աշխատողին վարած պաշտօնին համար վիրաւորելու», «Թուրքիոյ հանրապետութիւնը հրապարակաւ նուաստացնելու» յանցանքով: Պոլսոյ հանրապետական ընդհանուր դատախազութեան ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակին կողմէ 15 յունուար 2018-ին...

Ակնարկ.  Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին: Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան - Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «Իշխանութիւնը Լաւ Չ՛աշխատիր Եւ «Դեղին Քարտ»-ի Պէտք Է Արժանանայ»

«Փոլիթիք» կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան խօսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` դատարանները շրջափակելու կոչին եւ դատական համակարգի բարեփոխումներ սկսելու վերաբերեալ ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը իր տեսակէտը արդէն յստակօրէն արտայայտած է` նշելով միաժամանակ, որ դատական համակարգի բարեփոխումները անհրաժեշտ են: Ան զարմանալի նկատած է քանի մը հանգամանք. «Առաջինը` ինչո՞ւ միայն հիմա կը խօսուի...

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ  Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Արթուր Խաչատրեան. «Նպատակը Կ՛արդարացնէ Միջոցները» Մօտեցումը Մեզի Համար Ընդունելի Չէ»

Այսօր` 23 մայիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ Դաշնակցութեան հանրահաւաքը` «Լրջացէ՛ք» կարգախօսով: «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան յիշեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը աջակցեցաւ մէկ տարի առաջ տեղի ունեցած ժողովրդական շարժման` անսալով քաղաքական իշխանութիւններուն կոչին, մաս կազմեց կառավարութեան, աշխատեցան մօտ 4,5 ամիս` իրենց գիտելիքներն ու կարողութիւնը ներդնելով, որ կառավարութիւնը յաջողի, սակայն յետոյ...

Արմենուհի Կիւրեղեան. «Փոփոխութիւններու  Լաւագոյն Ուղին Սահմանադրականն Է»

Արմենուհի Կիւրեղեան. «Փոփոխութիւններու Լաւագոյն Ուղին Սահմանադրականն Է»

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչը` փակելու դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը, խնդրայարոյց է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան համար: Հանրութեան համար անորոշ էր, թէ ինչի՛ համար այս բոլորը կը կատարուի: «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արմենուհի Կիւրեղեան: Ըստ անոր, տեղի ունեցածը սահմանադրական կարգի տապալման փորձ էր: «Ասիկա առաջին դէպքը չէր. 2 հոկտեմբերին կատարուեցաւ նոյն բանը:...

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Թորպիոռն Եակլանտ  Համաձայնած Են` Դատական Համակարգի Բարեփոխումները  Պէտք Է Համապատասխանեն Սահմանադրութեան

Նիկոլ Փաշինեան Եւ Թորպիոռն Եակլանտ Համաձայնած Են` Դատական Համակարգի Բարեփոխումները Պէտք Է Համապատասխանեն Սահմանադրութեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ` քննարկելով Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակը: Այս լուրը կու տայ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: Զրուցակիցները համաձայնած են, որ փտածութեան դէմ պայքարը եւ դատական համակարգի բարեփոխումները պէտք է համապատասխանեն Սահմանադրութեան, միջազգային չափանիշներուն եւ, իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւն, Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն: Թորպիոռն Եակլանտ...

Page 226 of 256 1 … 225 226 227 … 256