Newsletter

«Ահազանգ»-ը` Հայաստանի Կառավարութեան.  «Բերուած Փաստարկները Հակասական Են  Եւ Չունին Ապացուցողական Հիմք»

«Ահազանգ»-ը` Հայաստանի Կառավարութեան. «Բերուած Փաստարկները Հակասական Են Եւ Չունին Ապացուցողական Հիմք»

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնութիւնը անդրադարձած է կառավարութեան` իրենց նամակին տուած պատասխանին. «Այսօր մանրամասն կ՛անդրադառնանք պատասխանի իւրաքանչիւր կէտի, սակայն մինչ այդ ամփոփելով անհրաժեշտ կը նկատենք ընդգծել: Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ ներկայ համակարգը լաւ չէ, սակայն զայն բարեփոխելու փոխարէն կը հրաժարի յառաջատուական հարկման սկզբունքէն եւ իր առաջարկած փաթեթով չի բարելաւուիր եւ կը վնասէ երկրի բնակչութեան մեծամասնութեան: Կառավարութիւնը կը պնդէ, որ...

Առնուվիլ Եւ Պուրկ Լը Վալանս Քաղաքներուն  Ղեկավարները Պիտի Բողոքարկեն Արցախի  Քաղաքներու Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները  Չեղեալ Յայտարարելու Որոշումը

Առնուվիլ Եւ Պուրկ Լը Վալանս Քաղաքներուն Ղեկավարները Պիտի Բողոքարկեն Արցախի Քաղաքներու Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները Չեղեալ Յայտարարելու Որոշումը

Շուշիի հետ կնքուած բարեկամութեան հռչակագիրը օրինական է եւ ես պիտի բողոքարկեմ վարչական դատարանի վճիռը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է ֆրանսական Պուրկ լը Վալանս շրջանի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէն: 14 յունիսին Պուրկ լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէ յայտարարած է վարչական դատարանին կողմէ հոկտեմբեր 2014-ին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի հետ իր ստորագրած բարեկամութեան հռչակագիրը ջնջելու որոշումը բողոքարկելու մտադրութեան մասին: «Ես...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին Մէջ  Հաստատուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան  Անդրադարձող Դասընթացք Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Հոլանտայի Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Հոլանտայի խորհրդարանի նախագահ Խատիժա Արիպին յղեց նամակ մը, որուն մէջ գնահատեց խորհրդարանին կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 24 ապրիլ 2019-ին կատարած յայտարարութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրումը: «Արեւելեան Անատոլուի մէջ իսլամ կիները, երեխաները, ծերերը սպաննած հայ աւազակախումբերու եւ անոնց աջակցութիւն ցոյց տուածներու աքսորումը այդ ժամանակաշրջանին ամէնէն տրամաբանական քայլն էր», յայտարարած էր Էրտողան: Հայ դատի մարմինը...

Հանդիպում` Ընկերային Հարցերու Նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի Հետ

Հանդիպում` Ընկերային Հարցերու Նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի Հետ

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեանի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, «Գարակէօզեան» հիմնարկի, Ընկերային ծառայողներու միութեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, հանդիպում ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին իւրաքանչիւր հաստատութեան ներկայացուցիչ սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ իր մարզին մասին, յատկապէս անդրադառնալով կատարուած աշխատանքներուն, ապա թուելով այն դժուարութիւնները, որոնք կը յամենան այս կառոյցներուն մօտ, ինչ կը վերաբերի...

Այցելութիւն Առողջապահութեան  Նախարարութիւն

Այցելութիւն Առողջապահութեան Նախարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց առողջապահութեան նախարար տոքթ. Ժամիլ Ժապաքի` ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական գրասենեակի տնօրէն Րաֆֆի Մարգարեանի, Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեանի ու անդամ Ներսէս Պաղտոյեանի եւ բուժարանի տնօրէն Տիգրան Պոյաճեանի: Նախ եւ առաջ երեսփոխան Բագրատունի բարձր գնահատեց նախարար Ժապաքի նախաձեռնութիւնները ընդհանրապէս եւ յատկապէս հիւանդանոցներու հետ գործակցութեան կանոնաւորումն ու դեղորայքի գիներու նուազման...

Սուրիական Հանրապետութեան Միւֆթի  Շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն Բերիոյ Թեմի  Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

Սուրիական Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

Երկուշաբթի, 17 յունիս 2019-ի միջօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդին` Մասիս եպս. Զօպուեանի: Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, միւֆթին ջերմապէս շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազան հայրը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ յաջողութեան ու արեւշատութեան իր մաղթանքները յայտնելով վստահեցուց, որ հոգեւոր առաջնորդները միասնաբար, գործակցութեան ոգիով սատար...

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Դատական Որոշումները Արցախի  Ճանաչումի Նոր Փուլ Կը Նախանշեն

Ակնարկ. Ֆրանսայի Դատական Որոշումները Արցախի Ճանաչումի Նոր Փուլ Կը Նախանշեն

Ֆրանսա-Արցախ քաղաքային խորհուրդներու գործակցութեան համաձայնագիրները անվաւեր յայտարարող ֆրանսական դատարանի որոշումին միանշանակ մեկնաբանութիւններով արձագանգելը քաղաքականօրէն կրնայ ճիշդ ընկալումի համարժէք չըլլալ: Նախ անշուշտ սկզբունքով ֆրանսական արդարադատութիւնը անջատ է քաղաքական տիրոյթէն եւ հետեւաբար անկախ է նաեւ գործադիր իշխանութենէն: Հետեւաբար շեշտել, որ պաշտօնական Փարիզը քաղաքական ազդակ կ՛ուղարկէ Պաքուին` տնտեսական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու օրակարգով, այնքան ալ բացարձակ ընկալում կրնայ չունենալ: Նման մեկնաբանութեան հիմք կրնայ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

13 յունիսին Լոնտոնի մէջ ՀՅԴ «Դարբինեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը (Ֆրանսա): Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն, անդրադարձաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ստեֆան...

Ընդդէմ Համահարթեցման Շարժումը  Մասնագիտական Բանավէճեր Կը Կազմակերպէ Զանազան Քաղաքներու Մէջ

Ընդդէմ Համահարթեցման Շարժումը Մասնագիտական Բանավէճեր Կը Կազմակերպէ Զանազան Քաղաքներու Մէջ

ՀՅԴ մասնագիտական ոլորտային յանձնախումբերու գրասենեակի գործունէութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած է կլոր սեղան-քննարկում` «Եկամտային հարկի դրոյքաչափերու նախատեսուող համահարթեցումը. խնդիրներ եւ այլընտրանքային լուծումներ» նիւթով: Նախատեսուող փոփոխութիւնը կը հակասէ նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսական կարգ ունենալու պահանջին, մտահոգիչ է ընկերային արդարութեան տեսանկիւնէն: Անիկա կը հակասէ նաեւ երկրին առջեւ ծառացած աղքատութիւնը յաղթահարելու, աշխատանքը խրախուսելու, արժանապատիւ վարձատրութեան համակարգ ներդնելու` կառավարութեան խոստումներուն: Ձեւաւորուած...

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան  Այցելած Է Առաջնագիծ

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեան Այցելած Է Առաջնագիծ

Շաբաթ, 15 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական յենակէտերէն մէկը: Մարտական դիրքին մէջ նախարար Տօնոյեան անձամբ հետեւած է տեղւոյն իրավիճակին, թշնամիի ստորաբաժանումներուն, հայկական բանակի զինուորներուն կատարած ճարտարագիտական աշխատանքներուն: Այցելութեան աւարտին Դաւիթ Տօնոյեան հրամանատարութեան տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

ՀՅԴ ԶՈՄ  «Աութ Աֆ Չայլտհուտ» Խորագիրով Իրազեկման Նախաձեռնութիւն

ՀՅԴ ԶՈՄ «Աութ Աֆ Չայլտհուտ» Խորագիրով Իրազեկման Նախաձեռնութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, երէկ` կիրակի, 16 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, սկիզբ առաւ «Աութ աֆ Չայլտհուտ» խորագիրով իրազեկման նախաձեռնութիւնը` Մար Մըխայէլի «Վանտոմ» աստիճաններուն վրայ: Չորրորդ տարին ըլլալով ԶՈՄ-ը կը կազմակերպէ այս տիպի ձեռնարկ մը: Այս ձեռնարկներուն նպատակն է Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւով ոգեկոչել: Նախորդ տարուան ձեռնարկը անդրադարձած էր պատմութեան ընթացքին կատարուած տարբեր ցեղասպանութիւններու, մշակութային ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Ազգին Կ՛ընծայէ  Երեք Նորընծայ Աբեղաներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Եւ Ազգին Կ՛ընծայէ Երեք Նորընծայ Աբեղաներ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հզօրանայ եւ կ՛ամրանայ շնորհիւ իր փաղանգին, եւ թէեւ եկեղեցին ժողովուրդը ինքն է, բայց եւ այնպէս եկեղեցւոյ հիմերը խրուած են անոր միաբանութեան աւիւնին մէջ: Այս կրթական տարեշրջանի աւարտին, դպրեվանքը ազգին եւ եկեղեցիին նուիրեց երեք նոր անշահախնդիր ծառայող կուսակրօն քահանաներ, որոնց ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Մեկուսացնելու Պաքուի Քաղաքականութեան Սատարումը Չի Նպաստեր Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ողջունէ ֆրանսական Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Փէաժ եւ Առնուվիլ քաղաքներու  քաղաքապետերու յայտարարութիւնները` Արցախի ժողովուրդին հետ բարեկամական յարաբերութիւնները շարունակելու մտադրութեան մասին` ի հեճուկս վարչական դատարաններու դատավճիռներուն. նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ քարտուղար Անի Սարգսեանի մեկնաբանութեան մէջ: «Կը կիսենք այն տեսակէտը, որ Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը հիմնուած է հաւասարութեան եւ ազատութեան...

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան  Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ  Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

Ֆրանսական դատարանները մէկը միւսին ետեւէն կը կայացնեն վճիռներ` չեղեալ նկատելով Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի բնակավայրերու միջեւ կնքուած` բարեկամութեան մասին յուշագիրները: Մասնաւորապէս, 29 մայիսին Ֆրանսայի Սերժի-Պոնտուազ համայնքի վարչական դատարանը որոշում կայացուցած էր Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի ու Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղին միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատելու մասին: 11 յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու...

Զարեհ Սինանեան Նշանակուած Է  Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Զարեհ Սինանեան Նշանակուած Է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով` Զարեհ Սինանեան նշանակուած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի  կառավարութեան պաշտօնական կայքը: «Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 8-րդ յօդուածի 3.1-ին մասով եւ 9-րդ յօդուածի 25-րդ մասով` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշում ստորագրած է` Զարեհ Սինանեանը նշանակելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար», նշուած է որոշումի յայտարարութեան մէջ: Աւելի ուշ վարչապետ Փաշինեան...

Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը  20 Յունիսին` Ուաշինկթընի Մէջ

Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը 20 Յունիսին` Ուաշինկթընի Մէջ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ 20 յունիսին կը նախատեսուի Ուաշինկթընի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ կատարել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հերթական հանդիպումը: «Յունուարին Փարիզի մէջ եւ ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներէն ետք քննարկումներ կ՛ընթանային արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ յաջորդ հանդիպումը երրորդ համանախագահ երկրին` Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարելու մասին: Ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս,...

Ըստ Ուաշինկթընի Մէջ  Թուրքիոյ Դեսպանին.  «Թուրքերը Երբեք Հակահայկական  Դիրքորոշումներ Չեն Ունեցած»

Ըստ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. «Թուրքերը Երբեք Հակահայկական Դիրքորոշումներ Չեն Ունեցած»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ անդրադարձած է ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ 17 մայիսին հրապարակուած «Երբ Թուրքիան ոչնչացուց իր քրիստոնեաները» յօդուածին: Պեննի Մորրիսի եւ Տրոր Զէեւիի կողմէ գրուած յօդուածը կը պատմէր 1884-1924 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ թուրքերու վայրագութիւններուն մասին` նշելով, որ անոնց մեծ մասը կոտորուած էր, իսկ մնացեալը` ստիպողաբար...

Նախարար Կիտանեան Լողափներու  Եւ Լողաւազաններու  Վարչութիւններէն Պահանջեց Յանձնառու  Մնալ Հանրային Ապահովութեան

Նախարար Կիտանեան Լողափներու Եւ Լողաւազաններու Վարչութիւններէն Պահանջեց Յանձնառու Մնալ Հանրային Ապահովութեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ լողափներու եւ լողաւազաններու վարչութիւններուն յղեց թիւ 5 շրջաբերականը, որուն ընդմէջէն ան անոնցմէ պահանջեց յանձնառու մնալ հանրային ապահովութեան: Շրջաբերականին մէջ նշուեցաւ, որ լողաւազաններու պարագային պէտք է մաքուր ջուր լեցուի աւազաններուն մէջ եւ մնայուն կերպով ջուրը զտուի` ստուգելէ ետք անոր զերծ ըլլալը որեւէ տեսակի ժահրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երաշխաւորել լողաւազանի այցելուներուն ապահովութիւնը: Նախարար Կիտանեան պահանջեց նաեւ նախարարութեան...

Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide:  Prelude And Aftermath»  Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

Շնորհահանդէս` «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» Մատենաշարէն Լոյս Ընծայուած 5 Հատորներու

Կազմակերպութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, երէկ` ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» մատենաշարէ լոյս ընծայուած 5 հատորներու շնորհահանդէս` ներկայութեամբ համահեղինակ Վահան վրդ. Օհանեանի: Պաշտօնական հիւրերու կարգին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,...

Page 219 of 256 1 … 218 219 220 … 256