Շաբաթ, 15 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական յենակէտերէն մէկը: Մարտական դիրքին մէջ նախարար Տօնոյեան անձամբ հետեւած է տեղւոյն իրավիճակին, թշնամիի ստորաբաժանումներուն, հայկական բանակի զինուորներուն կատարած ճարտարագիտական աշխատանքներուն:
Այցելութեան աւարտին Դաւիթ Տօնոյեան հրամանատարութեան տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:



