Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 յունիսին Լոնտոնի մէջ ՀՅԴ «Դարբինեան» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 101-ամեակին, որուն մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը (Ֆրանսա):

Բացման խօսքին մէջ ՀՅԴ Լոնտոնի կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քիլեան, շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւիրեալներուն, անդրադարձաւ  Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման պատմական քայլի կարեւորութեան, ապա բեմ հրաւիրեց Անգլիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Ստեֆան Փաունտը: Վերջինս դրուատանքով խօսեցաւ հայ-անգլիական խորհրդարանական սերտ յարաբերութիւններուն, Լոնտոնի հայ գաղութին եւ յատկապէս Հայ դատի յանձնախումբին հետ համագործակցութեան մասին, աշխատանքներ, որոնք զինք մղած են ըլլալու հայ ժողովուրդի կողքին` ներդնելով բոլոր կարելիութիւնները:

Խօսելով գործընկեր Դաշնակցութեան մասին` Ստեֆան Փաունտ շնորհաւորեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ հաստատեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը չէր կրնար իրականութիւն դառնալ առանց զոհողութիւններու, որոնց ակունքներուն կանգնած էր եւ կը ղեկավարէր ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Փաունտ պատմեց նաեւ, թէ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՛ս դիմաւորեց զինք Արցախի մէջ, ապա հիացմունքով խօսեցաւ  հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ ՀՅԴ-ի կատարած աշխատանքներուն մասին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր շնորհակալական խօսքէն ետք անդրադարձաւ 28 մայիս 1918-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման բոլոր նուիրեալներուն եւ յատկապէս հայ ժողովուրդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանի կերպարին, որ ճակատագրական պահուն կրցաւ  յորդորել, համախմբել բոլորը եւ վերջնական յաղթանակ ապահովել հայ ժողովուրդին:

Անդրադառնալով Հայ դատի աշխատանքներուն եւ Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ իրագործուած ու իրագործուող նախաձեռնութիւններուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ անոնք, այսօրուան անմիջական հրամայականներէն անկախ, պէտք է դառնան յենասիւն, վերակազմակերպուած սփիւռք, որ իր հայապահպանութեան աշխատանքներուն իբրեւ լրացուցիչ ազդակ, ամբողջութեամբ պէտք է ծառայեցուի Հայաստանի հզօրացման եւ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման վերջնանպատակին:

Իր ելոյթին մէջ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ նաեւ, որ պատմութիւնը ժամանակի ընթացքին սկսած է իր արժանի գնահատականը տալ մայիս 28-ը կերտած փաղանգին, որուն ապացոյցը եղաւ այս տարի Սարդարապատի յուշահամալիրին մէջ Արամ Մանուկեանին նուիրուած յուշակոթողի բացումն ու յուշակոթողի պատին մէջ Արարատի գագաթէն, Վանէն, Շուշիէն բերուած հողին եւ Արամ Մանուկեանի գերեզմանէն առնուած մասունքներուն ամփոփումը:

Ձեռնարկի աւարտին Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեանը ներկաներուն ուղղեց դեսպանութեան խօսքը: Ան, շնորհաւորելով հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրը խարսխող Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 101-ամեակը, հաստատեց, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն ունենալու համար մենք ամբողջութեամբ պարտական ենք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերուն մարտնչած սերունդին եւ այդ սերունդին կամքը ներկայացնող Արամ Մանուկեանին:

Արամ Արարատեանը անդրադարձաւ նաեւ իշխանափոխութենէն ետք  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներուն, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ տնտեսական կեանքի հեռանկարներուն:

Աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի հոգեւոր առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեանը: Ան շնորհաւորեց եւ դրուատանքի խօսք արտասանեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 101-ամեակին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ ՀՅԴ Լոնտոնի շրջանի կոմիտէութեան:

 

Նախորդը

Ընդդէմ Համահարթեցման Շարժումը Մասնագիտական Բանավէճեր Կը Կազմակերպէ Զանազան Քաղաքներու Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Ֆրանսայի Դատական Որոշումները Արցախի Ճանաչումի Նոր Փուլ Կը Նախանշեն

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?