Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆրանսայի Դատական Որոշումները Արցախի Ճանաչումի Նոր Փուլ Կը Նախանշեն

June 17, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսա-Արցախ քաղաքային խորհուրդներու գործակցութեան համաձայնագիրները անվաւեր յայտարարող ֆրանսական դատարանի որոշումին միանշանակ մեկնաբանութիւններով արձագանգելը քաղաքականօրէն կրնայ ճիշդ ընկալումի համարժէք չըլլալ:

Նախ անշուշտ սկզբունքով ֆրանսական արդարադատութիւնը անջատ է քաղաքական տիրոյթէն եւ հետեւաբար անկախ է նաեւ գործադիր իշխանութենէն: Հետեւաբար շեշտել, որ պաշտօնական Փարիզը քաղաքական ազդակ կ՛ուղարկէ Պաքուին` տնտեսական յարաբերութիւններուն նոր թափ տալու օրակարգով, այնքան ալ բացարձակ ընկալում կրնայ չունենալ:

Նման մեկնաբանութեան հիմք կրնայ ծառայած ըլլալ նախագահ Մաքրոնի կողմէ 24 ապրիլը պաշտօնական օրացոյցին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր հռչակելու որոշումին ատեն կամ գրեթէ միաժամանակ` Պաքուի հետ նոր զինատեսակներու վաճառման գործարքներու յայտարարութիւնը:

Պարզ է, որ հակառակորդի, աւելի ճիշդը հակառակորդներու կողմէ քաղաքական աշխատանք կայ` բողոքարկելու եւ պահանջելու նման համաձայնագիրներու չեղեալ յայտարարումը: Պաքուի կողմէ Փարիզին յղուած բողոքագիրները սկսած էին արդէն ազդել ֆրանսական քաղաքներու քաղաքային խորհուրդներուն վրայ, որոնք քոյր քաղաքներու հռչակման փոխարէն այլ եզրաբանութիւն կ՛որոնէին` բնութագրելու համար երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան յուշագիրներ ստորագրելու աքթերը:

Յստակ է, որ Պաքուն առանձին չէ այս պայքարին մէջ: Անգարան, իբրեւ փորձառու գլխաւոր եւ աւագ գործընկեր, եւրոպական դաշտին վրայ կ՛օգնէ իր եղբօր իրաւական առումով բարձրացնելու համար բողոքները, եւ անոնց առընթեր քաղաքական շանթաժային վարքագիծի որդեգրման յուշումներ կատարելով կը կառավարէ Պաքուի անունով կիրարկուող խաղը: Անգարան շանթաժային քաղաքականութեան հսկայ փորձառութիւն ունի, որմէ պէտք է օգտուի կրտսեր գործընկերը:

Այս ծիրին մէջ պէտք է ընկալել նաեւ Անգարայի հեգնանքը` ուղղուած Փարիզին, Անգարա-Պաքու քոյր քաղաքներու հռչակման առաջադրանքի բարձրաձայնումով յատկանշուող:

Ճիշդ է, որ առաւել կ՛արձանագրէ Պաքուն այս ուղղութեամբ: Ֆրանսական քաղաքներու հետագայ նախաձեռնութիւնները առնուազն կը դանդաղեցուին, եթէ ոչ կը սառեցուին կամ կ՛առկախուին: Մինչ, եւրոպական այլ քաղաքներու վրայ կրնայ որոշակի ազդեցութիւն ունենալ ֆրանսական նախադէպը:

Միայն ֆրանսական քաղաքները չեն, որ քոյր քաղաքներու ձեւաչափով որոշումներ կայացուցած են եւ անոնց ուղղութեամբ նաեւ քայլեր ձեռնարկած: Միացեալ Նահանգներու մէջ ծայր առած է նահանգային մակարդակի վրայ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումի գործընթաց. նոյնը` Աւստրալիոյ մէջ:

Հիմա եթէ բողոքարկումներու իրաւական հիմքը Ֆրանսայի պարագային այն է, որ տուեալ երկրի մը կողմէ ճանաչում չստացած պետութեան քաղաքներուն հետ ինչպէ՞ս կարելի է համաձայնագիրներ ստորագրել, ապա այստեղ եւս տրամաբանութիւնը նոյնն է. ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ալ Աւստրալիան պաշտօնապէս ճանչցած են Արցախի Հանրապետութիւնը, սակայն այդ մէկը արգելք չէ եղած, որ երկու երկիրներուն նահանգները ճանչնան Արցախը:

Այս առումով ուրեմն Ֆրանսայի դատական համակարգին կայացուցած որոշումները իրաւականօրէն կրնան դիւրաբեկ ըլլալ, վաղը եթէ զանոնք բեկանելու համար վերատեսութեան դիմումներ յղուին համապատասխան ատեաններուն: Բայց ասիկա արդէն իրաւական ընթացակարգի այլ խնդիր է:

Քաղաքական դիտարկում մը այս բոլորին մէջ ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Կը թուի, որ նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ ճանաչումի արշաւն ու Ստեփանակերտի հետ համագործակցութիւնը, որոնք որոշակի ճամբայ կտրած են արդէն, հիմա կ՛արժանանան իրաւաքաղաքական հակազդեցութիւններու: Ասիկա ինքնին ցուցանիշ է, որ Պաքուի ժխտողականութիւնը Անգարայի հովանաւորչութեամբ պիտի շարունակէ հակազդել:

Իսկ այս գործընթացները աւելի համընդհանուր հայեացքով կը նախանշեն, որ ճանաչում-ժխտումի առանցքային թեմայի վերածուած է արցախեան հիմնահարցը, ինչ որ համահայկական աշխատանքներուն եւ պետութիւն-սփիւռքեան կազմակերպութիւններ համագործակցութեան նոր ռազմավարութեան մշակման հրամայականը կ՛ընդգծէ: Այս կը նշանակէ նաեւ, որ Արցախի ճանաչումը միջազգային հարթութեան վրայ նոր աշխուժ փուլ կը թեւակոխէ:

 

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 101-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Լոնտոնի Մէջ

Յաջորդը

Քրեմլինը Չի Մեկնաբաներ Աւստրիոյ Փոխվարչապետի Գայթակղութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.