Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին. «Թուրքերը Երբեք Հակահայկական Դիրքորոշումներ Չեն Ունեցած»

Յունիս 15, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ անդրադարձած է ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին մէջ 17 մայիսին հրապարակուած «Երբ Թուրքիան ոչնչացուց իր քրիստոնեաները» յօդուածին: Պեննի Մորրիսի եւ Տրոր Զէեւիի կողմէ գրուած յօդուածը կը պատմէր 1884-1924 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ թուրքերու վայրագութիւններուն մասին` նշելով, որ անոնց մեծ մասը կոտորուած էր, իսկ մնացեալը` ստիպողաբար արտագաղթած: Հեղինակաւոր փրոֆեսէօրները յօդուածին մէջ կ՛անդրադառնան 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերուն, հայ աղջիկներու տառապանքներուն, 1919 թուականէն սկսեալ յոյներու ջարդին ու տեղահանութեան եւ այլն:

Թուրքիոյ դեսպանը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ պատասխան յօդուած հրապարակած է «Մի՛ մեղադրէք թուրքերը քրիստոնեաներու մահուան համար» վերնագիրով: Յօդուածին մէջ թուրք դեսպանը կը նշէ, թէ վերոնշեալ յօդուածը գրուած է առանց փաստերու եւ աղերսներ չունի օսմանեան արխիւներուն հետ:

Ետ չմնալով Թուրքիոյ եւ նախագահ Էրտողանի պաշտօնական տեսակէտներէն` ըստ որոնց, 20-րդ դարու սկիզբը «հայ աւազակախումբերը յարձակումներ գործած են իսլամ բնակչութեան դէմ», Քըլըճ կը նշէ, որ 1894 թուականին եւ ատկէ ետք, հայերու յարձակումներուն պատճառով հայ բնակչութիւնը տեղահանուած է դէպի հարաւ, իսկ 1915-ին 4 միլիոն զոհերը եղած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի եւ Թուրքիոյ «ազգային- ազատագրական պայքարի», ինչպէս նաեւ հրոսակախումբերու, համաճարակներու պատճառով:

Բացի ատկէ, Քըլըճ նաեւ կը նշէ, թէ «ցեղասպանութիւն» բառը շրջանառութեան մէջ մտած է 1944-ին` հրեայ Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ, եւ այդ բառը ամէնօրեայ օգտագործման բառ չէ: «Ցեղասպանութիւնը կորուստներ կամ բռնաճնշումներ չեն, ատիկա ցեղի մը բնաջնջման փորձ է», նշած է դեսպանը եւ աւելցուցած, որ թուրքերը ոչ մէկ անգամ հակահայկական, հակայունական եւ հակաասորական դիրքորոշում ունեցած են:

Պեննի Մորրիսի եւ Տրոր Զէեւիի յօդուածին մէջ կը նշուի, որ ՄԱԿ-ի «Ցեղասպանութեան ուխտ»-ի բոլոր կէտերը կը համապատասխանեն 1894-1924 թուականի դէպքերուն:

Մորրիս Իսրայէլի «Պեն Կորիոն» համալսարանի պատուաւոր դասախօս է Միջին Արեւելքի գիտութիւններուն մէջ: Նոյն բաժինի դասախօս է նաեւ դոկտ. Տրոր Զէեւին: Այս յօդուածը պատրաստուած է երկու գիտնականներու կողմէ հրատարակուած «30-ամեայ ցեղասպանութիւն. Թուրքիան կ՛ոչնչացնէ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները` 1894-1924 թուականներուն» գիրքէն, որ հրատարակուած է Հարվըրտի համալսարանին մէջ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մնացականեան-Մամետեարով Հանդիպումը 20 Յունիսին` Ուաշինկթընի Մէջ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?