Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Ասիկա Ֆրանսայի Կողմէ Չէզոքութեան Խախտում Է, Իսկ Հայաստանի Կողմէ Անհասկնալի Կեցուածքի Դրսեւորում»

June 15, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական դատարանները մէկը միւսին ետեւէն կը կայացնեն վճիռներ` չեղեալ նկատելով Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի բնակավայրերու միջեւ կնքուած` բարեկամութեան մասին յուշագիրները: Մասնաւորապէս, 29 մայիսին Ֆրանսայի Սերժի-Պոնտուազ համայնքի վարչական դատարանը որոշում կայացուցած էր Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի ու Արցախի Մարտունիի շրջանի Շեխեր գիւղին միջեւ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատելու մասին:

11 յունիսին Ֆրանսայի Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս եւ Պուրկ տը Փէաժ քաղաքներու իրաւաբանական վարչութիւնները ծանուցում ստացած են, որ Կրենոպլի վարչական դատարանը չեղեալ յայտարարած է Տրոմի վարչութիւն-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրկ լէ Վալանս-Շուշի, Պուրկ տը Փէաժ-Մարտունի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագիրները:

«Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ  Մանոյեան յիշեցուց, որ այս գործընթացին սկիզբը դրուած է դեռ տարիներ առաջ, երբ Ազրպէյճանը դատական գործ սկսաւ Ֆրանսայի մէջ եւ դատարանը բաւարարեց այդ հայցը, իսկ հիմա 3-4 համայնքի հետ կապուած Ֆրանսայի իշխանութիւններն են, որ դատական գործեր կը յարուցեն, իսկ դատարաններն ալ համապատասխան որոշումներ կը կայացնեն: «Անոնք առաջին ատեանի դատարանի որոշումներ են, եւ գոնէ քաղաքապետներէն մէկը ըսած է, որ ինք պիտի բողոքարկէ աւելի բարձր ատեաններու»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ ասիկա պիտի ազդէ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին վրայ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, քանի որ Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր է, Կիրօ Մանոյեան շեշտեց. «Ասիկա Ֆրանսայի` իբրեւ միջնորդ, չէզոքութեան խախտում է, քանի որ գործընթացը սկսած էր Ազրպէյճանի կողմէ, ուստի եթէ այդքան ճիշդ բան էր, թող Ֆրանսայի իշխանութիւնները իրենք ըրած ըլլային ի սկզբանէ, ըստ այդմ` ասիկա կը բաւարարէ հակամարտութեան կողմերէն մէկուն` Ազրպէյճանի տրամադրութիւնները, եւ կը խոչընդոտէ տագնապի այլ կողմի` Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրումը: Ի վերջոյ, Արցախի  մէջ ալ տեղական ինքնակառավարման մարմինները ժողովուրդին կողմէ ընտրուած մարմիններ են, եւ իրենք կ՛ուզեն յարաբերութիւններ մշակել, ինչ որ կը խոչընդոտուի»:

Կիրօ Մանոյեան, սակայն, չի կարծեր, որ Արցախի մեկուսացման առումով այս գործընթացը Ֆրանսայէն դուրս ազդեցութիւն պիտի ունենայ առայժմ:

 

 

 

Նախորդը

Զարեհ Սինանեան Նշանակուած Է Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար

Յաջորդը

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Արցախը Մեկուսացնելու Պաքուի Քաղաքականութեան Սատարումը Չի Նպաստեր Ղարաբաղեան Տագնապի Խաղաղ Լուծման»

RelatedPosts

Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
«Տէ՜ր Իմ Եւ Աստուա՜ծ Իմ»
Գաղութային

Կարիքը Ունինք Երկնային Աջակցութեան, Որպէսզի Աստուծմով Փարատի Մեր Ազգին Կեանքը Պղտորող Խաւարը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.