Ռիքըր Վերահաստատեց Հայաստանի Սահմանէն Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Հեռացնելու Ամերիկեան Դիրքորոշումը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըր պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Հայաստան: Ան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեց երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Ֆիլիփ Ռիքըր հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ են ամրապնդելու գործընկերութիւնը Հայաստանի հետ` հիմնուելով ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներուն վրայ: Ռիքըր վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգները` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ,...



















