Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոչարեան. «Ժողովուրդը Պիտի Որոշէ Ինչպիսի Հայաստան Ունենալ»

Յունիս 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 9 յունիս 2021-ին, «Հայաստան» դաշինքը Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ կազմակերպած էր ընտրական հանդիպում մը, որուն ընթացքին դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց. «Դուք կը կարծէք, որ Հայաստանը անվտանգ երկի՞ր է, սահմանները պաշտպանուա՞ծ են, ձեր կեանքը լաւացա՞ծ է, եկամուտները աճա՞ծ են, ունի՞ք լաւ աշխատանք, երկրին մէջ կա՞յ համերաշխութիւն, հանգստութիւն, սէր իրար նկատմամբ: Մենք, ցաւօք, բոլոր հարցերուն  վերաբերեալ ունինք միայն «ոչ»: Ո՞վ է այս բոլորին մեղաւորը: Ի՞նչ պէտք է ընենք մենք` կառուցելու անվտանգ երկիր: Մենք պէտք է հեռացնենք այս իշխանութիւնը եւ այդ մարդը»:

Ան նշեց, որ ինք 24 տարի է կ՛ապրի Երեւանի մէջ: Անոր համաձայն, իրենք աշխատանքով փոխած են քաղաքին տեսակը, փորձած են ընել ամէն ինչ` աւելի ժամանակակից, աւելի աշխուժ ու շնչող քաղաք ունենալու համար:

Քոչարեան յայտարարեց, որ տարբեր ձեւերով կը փորձեն խանգարել «Հայաստան» դաշինքը, ապա վստահեցուց` չեն կրնար:

«Բայց նաեւ գիտեմ, որ բազմաթիւ մարդոց արձակած են աշխատանքէ. կ՛ըսեմ հաստատ` կառավարութեան ձեւաւորման յաջորդ օրը բոլորը պիտի վերականգնին իրենց աշխատանքներուն մէջ եւ հատուցուին անոնց կորուստները, որ ունեցած են իրենց քաղաքական հայեացքներուն պատճառով: Մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերուն մէջ է: Դուք պիտի  որոշէք` ինչպիսի Հայաստան ունենալ», յայտարարեց Ռոպերթ Քոչարեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց, որ 3 տարի առաջ գերհրճուանքի ազեցութեան տակ երեւանցին ընտրեց նաեւ քաղաքային իշխանութիւն. նայեցէ՛ք, թէ այդ իշխանութիւնը ի՛նչ խոստումներ տուած է ձեզի եւ անցնող 3 տարիներուն ի՛նչ ըրած է:

Ան յիշեցուց Երեւանի փոխադրամիջոցներու չլուծուած հարցը, բազմաբնակարան շէնքերու վերելակներու հարցը, մեթրոյի կայարանը. անցնող 3 տարիներուն Երեւանի մէջ նոյնպէս անտէրութիւն կայ, ըսաւ ան, ասիկա է այս իշխանութեան նկարագիրը:

«Ոեւէ բանական մարդ հաճոյք կը ստանայ կառուցելէ, այս իշխանութիւնը հաճոյք կը ստանայ քանդելէ. միշտ կը հպարտանան` քանդեցինք ասոր տունը, անոր տունը: Այս իշխանութիւնը շատ մարդոց տուներ քանդած է եւ այդ պատճառով պէտք է պատասխան տայ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նկատել տուաւ, որ այս օրերուն իշխող խմբակը Հայաստանի մարզերուն մէջ կ՛ըսէ, որ ճամբաներ կառուցած է, դպրոցներ կառուցած է:

«Այս իշխանութիւնը չ՛ըսեր, թէ քանի դպրոց նուէր տուած է թշնամիին. 107 դպրոց, 17 մանկապարտէզ: Այս իշխանութիւնը պարտաւոր է նայիլ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի աչքերուն եւ ըսել` քանի տուն նուէր տուած է թշնամիին: Կը խօսին այգիներու ոռոգման մասին. պէտք է այս հողատուները նային Հայաստանի քաղաքացիի աչքերուն մէջ եւ ըսեն` քանի հեկտար նուէր տուած են Ալիեւին», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի տան այս հարցումներուն պատասխանը, այլ ոչ թէ Հայաստանի քաղաքացիէն քուէ խնդրեն, որպէսզի վերարտադրուին եւ նոր տարածքներ յանձնեն:

20 յունիսը Հայաստանը ազատագրելու օր է` արձանագրեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի անդամ Արմէն Ռուստամեան Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանի ընտրողներուն հետ հանդիպումին ըսաւ, որ «Հայաստան» դաշինքը մէկ կարեւոր առաքելութեամբ այս ընտրութիւններուն իր յայտը ներկայացուցած է. «Մենք եկած ենք մեր ժողովուրդին բերելու յաղթանակ, մեր ժողովուրդին մէջքը ուղղելու», հաստատեց Ռուստամեան:

Ան նշեց, որ ինչքան ալ դժուար ըլլայ վիճակը, իրենք վստահ են, որ  ժողովուրդը, միակամ ըլլալու պարագային, որեւէ դժուարութիւն կրնայ յաղթահարել, եւ անպայման պիտի ունենան այդ յաղթանակի բերկրանքը:

«Այս ընտրութիւնը այդ առումով ճակատագրական է, ասիկա սովորական ընտրութիւն չէ. մենք կ՛ուղղուինք շատ յստակ խնդիր լուծելու` մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ մեր ժողովուրդը, մեր երկիրը այս մղձաւանջէն, այս անկումային վիճակէն հանենք եւ զարգացման կայուն հեռանկար ունեցող հուն տեղափոխենք», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Դէպի ուժեղ Հայաստան երթալը, ըստ Ռուստամեանի, կ՛ենթադրէ երկու կարեւոր փուլերու յաղթահարում` առաջինը` երկիրը նիկոլական իշխանութենէն (ատիկա ո՛չ միայն Նիկոլն է, այլեւ նիկոլականութիւն է ընդհանրապէս) ազատիլն է եւ մենք պէտք է ունենանք առանց Նիկոլի Հայաստան: Իսկ երկրորդը` մենք կու գանք հասկնալու, թէ ինչպիսի՛ հետեւանքներու առջեւ պիտի կանգնի մեր երկիրը Նիկոլի աւերածութիւններէն ետք:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Աշխուժացման Զուգահեռ Բողոքի Ցոյցերը Կը Վերադառնան

Յաջորդը

Ակնարկ. Քարոզարշաւային Արտառոց Հռետորաբանութիւնը

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?