Երէկ` երեքշաբթի, 8 յունիս 2021-ի առաւօտեան, Պքերքէի մարոնի պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումը` մասնակցութեամբ մարոնի, հայ առաքելական, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ եւ քաղդէական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն:
Հանդիպման նպատակն էր խորհրդակցիլ 1 յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպման շուրջ հասարակաց մօտեցումներ ճշդելու:
Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու հանդիպումը Ֆրանչիսկոս պապին հետ, նախաձեռնած է վեհափառ հայրապետը` շուրջ երկու ամիս առաջ պապին յղած իր նամակով:
Պքերքէի ժողովին վեհափառ հայրապետը իր պատկերացումը ներկայացուց եւ շարք մը կէտերու կարգին կարեւորութեամբ շեշտեց քաղաքական տարբերութիւններէ վեր մնալու եւ կառավարութիւն մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի հանդիպումը կարենայ ժողովուրդի հետզհետէ աճող ընկերա-տնտեսական կարիքներուն գոհացում տալ: