27 մայիսին Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած վեց հայ զինուորներու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դիմումին ի պատասխան 8 յունիսին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը արձանագրած է, որ նշեալ զինուորներուն նկատմամբ ուժի մէջ է 3 նոյեմբեր 2020 թուականի միջանկեալ միջոց կիրարկելու որոշումը, այնպէս ինչպէս միւս գերեվարուած եւ պահուող քաղաքայիններու նկատմամբ:
Նոյն ատեն Եւրոպական դատարանի որոշումին հիման վրայ Ազրպէյճանի կողմէ տրամադրուած են զինուորներուն առողջական վիճակին վերաբերեալ փաստաթուղթերը, ինչպէս նաեւ վերջիններուս առաջադրուած մեղադրանքները:
Եւրոպական դատարանը նոյն օրը մերժած է նաեւ Ազրպէյճանի դիմումը, որով վերջինս պահանջած էր վերցնել իր կողմէ գերեվարումը չհաստատուած անձերու նկատմամբ կիրարկուած միջանկեալ միջոցները: Վերջիններս կը շարունակեն մնալ ուժի մէջ: