Գլխաւոր լուրեր

1707Hrant-Markarian1

Մարգարեան. «Պէտք Է Հարցերին Ճիշդ Ձեւով Նայենք»

Օրեր առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին: Հարցազրոյցին ընդհանուր բովանդակութեան արդէն ծանօթ են մեր ընթերցողները: Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Մարգարեան, առաջին հարցս Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան հետ է կապուած. մի կողմից` Հայաստանում կառավարութիւն փոխուեց, միւս կողմից քառեակը սկսեց համագործակցել, բայց էական որեւէ փոփոխութիւն երկրում կարծես թէ չի զգացւում` ընկերային-տնտեսական, քաղաքական առումով: Ին՞չ էք կարծում,...

160714AndrzejKasprzyk

Բակօ Սահակեան. «Պաքու Լուրջ Հարուած Կը Հասցնէ Բանակցային Հոլովոյթին»

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ տեսակցութեան  ընթացքին քննարկուեցան  ազրպէյճանական - ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Սահակեան վերջերս ազրպէյճանական հետախուզական խումբի ներթափանցումը Լեռնային Ղարաբաղի տարածք նկատած է պաշտօնական Պաքուի կողմէ...

1707Seyran-Ohanian-f

Սէյրան Օհանեան Զեկուցեց Քարվաճառի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մասին

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին սկիզբը պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զեկուցեց Քարվաճառ ներթափանցած ազրպէյճանական խումբին մասին: Ան նշեց, որ 1994-ին զինադադարի կնքումէն ետք Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքով կը գործեն ե՛ւ արձակազէններ, ե՛ւ հետախուզական խումբեր, Ազրպէյճան պարբերաբար լարուածութիւն կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, եւ վերջերս այդ լարուածութիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան շրջան` Տաւուշի մարզ: «Միշտ տեղեկութիւն եղած է, որ Քարվաճառի մէջ...

IMG_3754

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին Թէհլիրեանի «Արդարահատոյցը»` Նորահաս Սերունդի Գաղափարական Ներշնչարան

«Թէհլիրեան. Արդարահատոյցը» գիրքը 1981-ին հրատարակուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, իսկ այսօր կը վերահրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքին զոյգ հրատարակութիւններուն խմբագրութիւնը ստանձնած է Յարութիւն Քիւրքճեան, որ այս նոր հրատարակութեան առիթով իր խօսքին մէջ կը յիշէ, թէ «բոլոր կենսական աշխատանքներուն կողքին, կենսական կը մնայ ե՛ւ դաստիարակչական գործը, ոգեղէն լիցք ստեղծելու, պահպանելու գործը: Թէհլիրեաններու, Շիրակեաններու, Երկանեաններու աւանդը վերանորոգելու, աճող սերունդները...

DSC09509

Համազգայինի Ուսանողական Մշակութային Հաւաքի (Ֆորում) 20-Ամեակ «20 Տարուան Կեանքը Փաստ Է, Որ Այս Ծրագիրը Յաջողած Է Եւ Լաւագոյնս Ծառայած Է Իր Նպատակին» Ըսաւ Արա Բարսեղեան

Ն. Բ.  1994 թուականին, Ծաղկաձորի մէջ գումարուած Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին կողմէ ծնունդ կ՛առնէ Համազգայինի Ուսանողական մշակութային հաւաքը (Ֆորումը)` հիմնական նպատակ ունենալով աշխարհասփիւռ հայ ուսանողներուն միջեւ կամրջում ստեղծել: Նման գաղափար յղացողներուն եւ այդ առնչութեամբ որոշում տուողներուն նպատակը լաւագոյնս իրագործուեցաւ, եւ տարուէ տարի ուսանողական հաւաքը աւելի ընդարձակեց իր աշխատանքային ծիրը, ներգրաւեց մեծ թիւով ուսանողներ, անոնց համար ստեղծեց հայկական առողջ ու դաստիարակիչ...

1607Kessab

Թուրքիոյ Վաքըֆ Գիւղին Մէջ Մնացած Վերջին Քեսապահայերը Վերադարձած Են Քեսապ

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Քեսապ վերադարձած է թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմը գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ գտնուող քեսապահայերու վերջին խումբը: Միայն վեց քեսապահայեր փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով մնացած էին Վաքըֆ գիւղին մէջ: Մէկուկէս ամսուան սպասումէ ետք վերջապէս վերադարձած են Քեսապ: Նշենք, որ 15 յունիսին Քեսապի վերագրաւուելէն ետք Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերը սկսած էին վերադառնալ իրենց պապենական օրրանը:  

41d4d7f0882c7a357053

Մինասեան. «Հայաստանի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Ձգձգումը Միայն Ազրպէյճանական Գործօնով Չէ Պայմանաւորուած»

Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան համոզուած է, որ արտաքին քաղաքականութեան հարցով պէտք է Հայաստանի դիմադրողականութիւնը բարձրացնել: «Պէտք է հասկնալ, որ Հայաստանի ապագան «զարգանալ առանց զիջումներու» ըմբռնումին մէջ է: Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ չկայ զիջումով յաջողութեան հասնելու որեւէ բանաձեւ: Եթէ զիջում, ապա բացառապէս հանդուրժողականութեան համար, որ կարելի է սերմանել, այլ բան զիջելու կարելիութիւն չկայ», ըսաւ պատգամաւորը` ...

1607Levon-Hayrabedian1-f

Ռուսիոյ Մէջ Ձերբակալուեցաւ Հայ Գործարար Լեւոն Հայրապետեան

Լեւոն Հայրապետեան «Ռոսպալթ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր աղբիւրը ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններու մէջ, երէկ հաղորդեց, որ երկրի Անվտանգութեան դաշնակցային սպասարկութեան  աշխատակիցները Մոսկուայի մէջ ձերբակալած են հայկական սփիւռքի ամէնէն հարուստ ներկայացուցիչներէն մէկը` Լեւոն Հայրապետեանը: Ըստ նոյն աղբիւրին, Հայրապետեան  ձերբակալուած է երկուշաբթի մոսկովեան «Տոմոթեթովօ» օդակայանին մէջ, ուր եկած էր Մոնաքոյէն: Զայն խիստ հսկողութեամբ  տարած  են Ռուսիոյ  քննչական կոմիտէ` հարցաքննութեան, ուր  պաշտօնապէս յայտարարած են...

1607sasoun

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին` Արժանաւոր Նշում` Սասնոյ Ապստամբութեան 110-Ամեակի

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ 1904-ին բռնկած Սասնոյ Բ. ապստամբութեան 110-ամեակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հոգեւոր հօր, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով կատարեց Շանթ Ալիեմեզեան: Հակիրճ տողերու մէջ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան...

Fotor0715192433-f

Սուրիահայութեան Առօրեայէն

Հրասանդի Հրթիռներու Տարափ` Դամասկոսի Զանազան Շրջաններուն Մէջ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ մինչ երէկ Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ տեղի կ՛ունենար նախագահ Պաշշար Ասատի հանդիսաւոր երդման արարողութիւնը, մայրաքաղաքի զանազան շրջաններ կ՛ենթարկուէին հրասանդի հրթիռներու տարափի` պատճառելով վիրաւորներ եւ զոհեր: Միւս  կողմէ, բախումներ կ՛արձանագրուէին մայրաքաղաքի արեւելեան ծայրամասերը, ուր զինուորական օդանաւները եւ թնդանօթները կը հարուածէին Ժոպարի եւ այլ արուարձաններու մէջ գտնուող զինեալներու...

1507HrantMargaryan4-f

«Այս Ձեւով Ռուսիա Իբրեւ Դաշնակից Պիտի Կորսնցնէ Հայաստանը» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

Հրանդ Մարգարեան Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, մեծաքանակ սպառազինութիւն վաճառելով Ազրպէյճանին` Ռուսիա իբրեւ դաշնակից պիտի կորսնցնէ Հայաստանը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին արձագանգելով այն հարցադրումին, թէ Ռուսիա կը պնդէ, որ ատիկա միայն առեւտուր է, Մարգարեան յայտնեց, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ առեւտուրը կը գերակշռէ բարեկամական (եթէ այդպիսիք կան քաղաքականութեան մէջ) յարաբերութիւնները: «Ինծի կը թուի, որ պէտք է Ռուսիա...

1507Tigran-Sargsyan-Barack-Obama

Տիգրան Սարգսեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Պարաք Օպամային

Օպամա եւ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Տիգրան Սարգսեան նախանցեալ օր իր հաւատարմագիրները յանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը փոխանցեց, որ պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Սարգսեան նշեց, որ հայ - ամերիկեան յարաբերութիւնները կ՛առանձնանան բարձր մակարդակով եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ: Դեսպանը աւելցուց, որ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ է յարաբերութիւններու զարգացման մեծ ներուժ,...

1507Artcvik2-

Մինասեան. «Բրիտանիան Պէտք Է Մասնակից Դարձնել Թրքական Մերժողականութեան Դէմ Պայքարին»

6-12 յուլիսին Հայաստան - Բրիտանիա բարեկամական խումբի անդամները Միջխորհրդարանական միութեան մէջ բրիտանական խումբի նախագահին հրաւէրով մեկնեցան Լոնտոն: Լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ հարցադրումները, որոնք դրուած էին հայկական պատուիրակութեան առջեւ, բաւական սուր էին ու խորունկ պատասխաններ կ՛ակնկալէին. «Բրիտանիան մեծ ներդրումներ ունի Ազրպէյճանի մէջ եւ ասիկա կ՛ազդէ քաղաքականութեան վրայ: Բայց շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք ներկայանալ...

1507korac1

Յայտնաբերուեցաւ Քարվաճառի Մէջ Անհետ Կորսուած 17-Ամեայ Սմբատ Ցականեանի Դիակը

Պատանի Սմբատ Ցականեան Նոր Էրքեջի գիւղապետ Արա Յովհաննիսեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ յայտնաբերուած է տակաւին 4 յուլիսէն անհետ կորսուած նկատուող Սմբատ Ցականեանի դիակը: Գիւղապետը յայտնեց, որ երիտասարդին դիակը յայտնաբերած են գիւղէն բաւական հեռու` լեռնային շրջանի մը մէջ: Արա Յովհաննիսեան նշեց, որ դիակը տեղափոխած են Ստեփանակերտ` փորձաքննութեան համար, եւ տղուն հարազատները տեղեակ պահուած են այդ մասին: Նշենք, որ Քարվաճառի...

1507khmpayin

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը Եւ Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեցին Աղջկանց Բաժակակիր Խումբը

Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբը պատուեցին աղջկանց պասքեթպոլի իրենց խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի 2013-2014 տարեշրջանի բաժակակիր: Այս մեծարանքի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, հաղորդակցութեանց միջոցներու նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան,...

1407Demirtas

Թուրքիոյ Նախագահութեան Քիւրտ Թեկնածուն Հանդիպում Ունեցած Է Հայ Համայնքին Հետ

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Սելահետտին Տեմիրթաշ հանդիպում ունեցած է երկրի հայ, ասորի, յոյն եւ հրեայ համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ: Նախագահի քիւրտ թեկնածու, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահետտին Տեմիրթաշ նշած է, որ եթէ Թուրքիոյ մէջ իսլամը հրեային «եղբայր» չի կրնար կոչել, ուրեմն անցնող ամէն օր այդ երկրին մէջ կեանքը աւելի պիտի բարդանայ: Դռնփակ հանդիպումէն ետք` Տեմիրթաշ լրատուամիջոցներու...

7587_b-f

Սարգսեան Եւ Աբրահամեան Շնորհաւորեցին Հոլլանտը Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Առիթով

Նախագահ Սարգսեան եւ դեսպան Ռենօ Ֆրանսայի ազգային տօնի առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն: Հանրապետութեան նախագահը տօնին առիթով շնորհաւորեց դեսպան Հանրի Ռենոն, դեսպանատան աշխատակիցները եւ Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան տօնին առիթով նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս,...

1407_14-July

Հայ Զինուորները Մասնակցած Են Ֆրանսայի Ազգային Տօնին Նուիրուած Տողանցքին

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ երկրին ազգային տօնին` Պասթիլի գրաւման առիթով աւանդական զինուորական տողանցքին մասնակցած են նաեւ հայ զինուորներն ու տողանցքի ժամանակ ծածանած հայկական դրօշը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան «Թուիթըր»-ի վրայ տեղադրած է հայ զինուորներու լուսանկարը` հետեւեալ գրառումով.«Հայկական դրօշը` Շանզ Էլիզէի մէջ, 14 յուլիսի տողանցքի ժամանակ»: Փարիզի տողանցքին մասնակցած է քանի մը հազար մարդ,...

1407TYRE_BOMB

Կէս Գիշերին Իսրայէլ Ռմբակոծեց Հարաւային Լիբանանը

Ամբողջ օրուան ընթացքին հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ տիրած զգուշաւոր հանդարտութենէն եւ բանակին ու ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատներուն խիստ հսկողութենէն ետք, գիշերուան ժամը 10:30-ին, հարաւային Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրի Քլայլէ հովիտէն երկու հրթիռներ արձակուեցան դէպի բռնագրաւեալ Պաղեստին: Հրթիռարձակումէն անմիջապէս ետք իսրայէլեան ուժեր յայտարարեցին, որ այդ հրթիռները հասած են Գալիլիա, եւ անմիջապէս հակադարձեցին այդ արարքին` ռմբակոծելով Սուրի հարաւային շրջանը, ինչպէս...

1407azk1-F

Հաղորդագրութիւն

Երէկ` երկուշաբթի, 14 յուլիս 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն եւ...

Page 839 of 885 1 … 838 839 840 … 885