Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին` Արժանաւոր Նշում` Սասնոյ Ապստամբութեան 110-Ամեակի

July 17, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1607sasounԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 16 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ 1904-ին բռնկած Սասնոյ Բ. ապստամբութեան 110-ամեակը:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հոգեւոր հօր, կուսակցական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով կատարեց Շանթ Ալիեմեզեան:

Հակիրճ տողերու մէջ Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան նպատակը նշելէ ետք ան ըսաւ. «Ներկայիս հայութիւնը կը գտնուի ճգնաժամային պայմաններու մէջ, ուր մարտահրաւէրները շատ են, ինչպէս` սփիւռքի գոյատեւում, հայապահպանում, Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում, Արցախի վերաբնակեցում եւ հայրենադարձութիւն»: «Մարտահրաւէրները շատ են», շարունակեց Ալիեմեզեան` ընդգծելով, որ «այս ձեռնարկին ընդմէջէն ուզեցինք երթալ դէպի պատմութիւն, դէպի Սասուն, ուր Սասունցի Դաւիթ պիտի մկրտէ հայու ոգին, ուր Մարաթուկ սառը հայուն պիտի կանչէ կառչած մնալու իր հողին, եւ ուր նորէն պիտի թնդայ յեղափոխութիւնը դաշնակցական ֆետայիներու ներկայութեամբ»:

Ապա ներկայացուեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի պատրաստած երգախառն տեսերիզը, ուր Դալար Նենեճեան ընթերցեց վաւերագրական այդ տեսերիզի պատմական տեղեկութիւնները` Սասնոյ Բ. ապստամբութեան մասին:

Շանթ Ալիեմեզեան
Շանթ Ալիեմեզեան
Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան

Օրուան պատգամը փոխանցեց Եսայի Հաւաթեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց 1904-ին բռնկած Սասնոյ Բ. ապստամբութեան հիմնական շարժառիթները, նպատակն ու իրագործումները:

«Երբ հայը Օսմանեան կայսրութեան մէջ երկրորդ կարգի քաղաքացի էր եւ ենթակայ` ամէն տեսակ կեղեքումներու, երբ հայը անհաւատ էր, «կեավուր» էր, երբ հայը իր պապենական գիւղերէն կ՛արտաքսուէր եւ թրքական պետութիւնը այդ գիւղերուն մէջ չերքեզներ կը լեցնէր, երբ հայոց պատմութիւնը անցեալի փառք էր միայն եւ 600 տարուան ստրուկ հոգեբանութիւնը տիրած էր մեր ժողովուրդի սրտին մէջ եւ երբ այլեւս ամէն յոյս կորսուած էր, հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնաւ ազգին հոգերը իր ուսին վերցուցած, իբրեւ նոր Սասունցի Դաւիթ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը», շեշտեց Հաւաթեան: Ան թուեց բացառիկ գաղտնապահութեամբ ՀՅԴ-ի նախաձեռնած եւ որդեգրած որոշումները` Սասնոյ Բ. ապստամբութեան համար:

Եզրափակելով, Հաւաթեան մէջբերեց Հրայր Դժոխքի խօսքերը, ըստ որոնց, «Մեր յոյսը պէտք է դնենք միա՛յն մեր վրայ»:

«Այսօր մեզի Սասնոյ ապստամբութիւնը կ՛ըսէ, որ ժողովուրդը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ ամէն տեսակ պաշտպանութեան: Ժողովո՛ւրդ, Հայաստանի անկախութեան, հայոց պետականութեան վերականգնումի, Արցախեան պայքարի արմատները կը գտնուին այս լեռներուն մէջ եւ այս ֆետայիներուն կողմէ ստեղծուած մեր փառապանծ Սասնոյ Բ. ապստամբութեան մէջ», եզրափակեց Հաւաթեան:

1607sasoun3Ձեռնարկին ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր, ուր Խաժակ Խաչատուրեան նուագեց ջութակի վրայ, Քրիստին Սրապոնեան ասմունքեց Գէորգ Էմինէն, «Սասունցիների պարը» ներկայացուց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը: Իսկ Սերոբ Յակոբեան Սասնոյ յատուկ երգերով խանդավառեց ձեռնարկը` ընկերակցութեամբ Յովիկ Ատուրեանի` երգեհոնի վրայ: Նշենք, որ այս առիթով քարոզչական յանձնախումբը ներկաներուն ցրուեց Սասնոյ ապստամբութեան նուիրուած խտասալիկ մը եւ թռուցիկ թերթիկ մը` Սասնոյ ղեկավար ֆետայիներու մասին:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նախորդը

Սուրիահայութեան Առօրեայէն

Յաջորդը

Անգլիոյ Եկեղեցին Կիներու Եպիսկոպոս Օծուիլը Արտօնող Որոշում Մը Որդեգրած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.