Գերմանիա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Երբ Պրազիլի Մէջ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Բարձրացուց Բաժակը
Երէկ` կիրակի, 13 յուլիսին, վարագոյրը իջաւ 2014-ի Մոնտիալին վրայ, երբ տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը` երեք անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիոյ եւ երկու անգամ տիտղոսակիր հանդիսացած Արժանթինի միջեւ: Գերմանիա իր յաղթանակը արձանագրեց երկարաձգումին ընթացքին, երբ մրցումին 113-րդ վայրկեանին մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մարիօ Կէօթցէ: Ան դաշտ ներկայացած էր 88-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Միրոսլաւ Քլոզը: Նշենք, որ «Էսթատիօ տօ Մարաքանա»-ի դաշտին վրայ...



















