Երէկ` երկուշաբթի, 14 յուլիս 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ Երեւանի պետական համալսարանին միջեւ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանի, Երեւանի պետական համալսարանի ներկայացուցիչ դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն եւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:
Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ սոյն համաձայնագիրի ստորագրութիւնը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ, որ Ազգային վարժարաններու աշակերտները հայկական սփիւռքի մէջ տեղ ունենան Երեւանի պետական համալսարանի յատկապէս հայագիտական մասնագիտութիւններուն գծով եւ Ազգային վարժարաններու ուսուցիչները կարենան իրենց գիտելիքները թարմացնել եւ վերապատրաստուիլ, որպէսզի այս յարատեւ աշխատանքով Ազգային վարժարանները նոր մակարդակի եւ բարձունքներու հասնին:
Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան հաստատեց, որ սոյն համագործակցութեամբ Ազգային վարժարանները առիթը պիտի ունենան իրագործելու ուսուցիչներուն հայագիտական մասնագիտական վերաորակաւորումը եւ աշակերտներուն ներգրաւումը Երեւանի պետական համալսարանի ծրագիրներուն մէջ:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով յոյս յայտնեց, որ համաձայնագիրին ստորագրութեամբ հայրենիք – սփիւռք յարաբերութիւնները մեր Ազգային վարժարաններու գծով նոր թափ եւ նոր ուժականութիւն ստանան: Ան հաստատեց, որ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ մեծապէս կարիքը ունինք հայրենիքի ներդրումին, յատկապէս հայագիտական մարզին մէջ հայրենիքի նորարարութիւններուն, մասնագիտական մօտեցումներուն, որոնց միջոցով կը յուսանք առաւել եւս ամրացնել մեր ինքնութիւնը:
Սրբազան հայրը մաղթեց, որ մեր կրթական մշակները եւ Ազգային վարժարաններու աշակերտները իրենց դիմաց բացուող նոր կարելութիւններու ճամբով իսկապէս յաջողին հարստացնել իրենց մտքի պաշարը, իրենց հոգին եւ իրենց հոգեւոր հայրենիքը, որուն կառչած կը մնանք իբրեւ հայեր:
Աւարտին տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի ստորագրութիւնը, որմէ ետք դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան բացատրութիւններ տուաւ ծրագիրին մասին:


