Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վարչութիւնը Եւ Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեցին Աղջկանց Բաժակակիր Խումբը

July 16, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1507khmpayinՅատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը եւ պասքեթպոլի յանձնախումբը պատուեցին աղջկանց պասքեթպոլի իրենց խումբը, որ հանդիսացաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի 2013-2014 տարեշրջանի բաժակակիր:

Այս մեծարանքի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, հաղորդակցութեանց միջոցներու նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ ֆետերասիոնին անդամները, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Ժան Թապեթ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի դասախօս Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ժորժ Սապունճեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Յակոբ Թերզեան, հովանաւոր ընկերութիւններ, քաղաքապետութիւններու ներկայացուցիչներ, մարզիկներն ու անոնց ծնողները եւ մարզական լրագրողներ:

Իշխան Եղիայեան
Իշխան Եղիայեան
Հրայր Խաչատուրեան
Հրայր Խաչատուրեան

Ներկաներուն բարի գալուստի իր խօսքը ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի վարչութեան ատենապետ Իշխան Եղիայեան, որ անդրադարձաւ միութեան արձանագրած յաջողութիւններուն եւ տիրացած տիտղոսներուն: Ան մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն մասին, գնահատեց անոնց ներկայութիւնը դաշտերուն վրայ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց հովանաւոր ընկերութիւններուն եւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին:

Հրայր Խաչատուրեան իր կարգին խօսք առնելով շնորհաւորեց աղջկանց տիտղոսակիր խումբը, ՀՄԸՄ-ի աննման համակիրները, որոնք կը զօրակցին խումբին եւ անոր յաջողութեան բանալին կը նկատուին: Ան նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց ՀՄԸՄ-ին:

Նաթալի Սվաճեան
Նաթալի Սվաճեան
Շահէ Երեւանեան
Շահէ Երեւանեան

Մարզիկներուն անունով խօսք առաւ խմբապետ Նաթալի Սվաճեան, որ ըսելէ ետք, որ ՀՄԸՄ-ը իրենց երկրորդ տունն է, խոստացաւ նոր տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ին ապահովել Լիբանանի ախոյեանութեան տիտղոսը, դառնալ բաժակակիր եւ տիրանալ Արեւմտեան Ասիոյ եւ Լիբանանի գերբաժակի տիտղոսներուն:

Ապա յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան Լիբանանի առեւտրական դրամատան, «Սայֆքօ-Հոլտինկ»-ին, «Քոնթինենթըլ»-ի, «Չիպօ»-ին, Կի Մանուկեանին, Անթիլիասի, Նաքքաշի եւ Մըզհերի քաղաքապետութիւններուն, Ուալիտ Նասսարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Ժաք Պոյաճեանին եւ ՀՄԸՄ-ի նախկին մարզիկներէն եւ զօրակցողներէն Ատոմ Թնճուկեանին:

Կարին Յակոբեան
Կարին Յակոբեան
Ճորճ Սապունճեան
Ճորճ Սապունճեան

ՀՄԸՄ-ի մասին իրենց գովասանքի խօսքերը ուղղեցին նաեւ Ատոմ Թնճուկեանի կողմէ (անոր խօսքը կարդացուեցաւ ներկաներուն)` Կարին Յակոբեան եւ Ճորճ Սապունճեան:

Ուալիտ Նասսար
Ուալիտ Նասսար

Ուալիտ Նասսար ՀՄԸՄ-ի աղջկանց բաժակակիր խումբը շնորհաւորելէ բացի մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբին մասին` նշելով, որ ան Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանին եղաւ տիրական ներկայութիւն մը:

Ան շեշտեց այլ կարեւոր կէտ մը եւս` նշելով, որ Լիբանանի համար իր կարեւոր դերը կ՛ունենայ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը, որ միջազգային գետնի վրայ մեծապէս կ՛օժանդակէ Լիբանանին:

«Սայֆքօ Հոլտինկ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Շահէ Երեւանեան իր կարգին խօսք առնելով ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին եւս պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւններէն մէկը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

1507PROF9899

 

Նախորդը

«Յոյսով Եմ, Որ 2010-էն Աւելի Մրցանակներու Կը Տիրանանք Այս Տարի» Ըսաւ Հրաչեայ Ռոստոմեան

Յաջորդը

Օրը Օրին. Յիշել Ու Պատուել

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.