
Ֆրանսայի ազգային տօնի առիթով նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատուն: Հանրապետութեան նախագահը տօնին առիթով շնորհաւորեց դեսպան Հանրի Ռենոն, դեսպանատան աշխատակիցները եւ Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդը:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան տօնին առիթով նաեւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին:
Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է. «Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ եւ լաւագոյն մաղթանքներ կը յղեմ ձեզի եւ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային տօնին առիթով: Առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը վերյիշեմ այս տարուան մայիսին Հայաստան կատարած ձեր պետական այցելութիւնը, որ նոր լիցք հաղորդեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան եւ մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական կապերու շարունակական ամրապնդման: Վստահ եմ, որ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն արդիւնաւէտ կենսագործումը կը նպաստէ առեւտրական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ հայ – ֆրանսական փոխշահաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման»:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ երկու բարեկամ պետութիւններուն միջեւ առկայ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտը` հիմնուած պատմական սերտ առնչութիւններու եւ ընդհանուր արժէքներու վրայ, ամուր հիմք կը ստեղծէ բոլոր ուղղութիւններով յառաջընթաց արձանագրելու համար: Նախագահը համոզուած է, որ երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով, որոնց շարքին` եւրոպական կառոյցներու ծիրին մէջ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ կայուն փոխադարձ գործակցութիւնը կը շարունակէ ընթանալ ամրապնդման եւ խորացման ճամբով` ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարօրութեան:
«Օգտուելով առիթէն` վերստին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի այն կարեւոր առաքելութեան համար, որ կ՛իրականացնէ Ֆրանսան` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` իր նպաստը բերելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման գործին մէջ», Ֆրանսայի նախագահին գրած է Հայաստանի նախագահը` Հոլլանտին մաղթելով յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք, իսկ Ֆրանսայի բարեկամ ժողովուրդին` հետագայ յառաջընթաց եւ բարօրութիւն:
Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը փոխանցեց, որ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւս Ֆրանսայի Ազգային տօնին առիթով ֆրանսական դեսպանատուն այցելեց եւ շնորհաւորեց դեսպանը, դիւանագիտական առաքելութեան անձնակազմը եւ Ֆրանսայի ժողովուրդը:


