Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինասեան. «Հայաստանի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Ձգձգումը Միայն Ազրպէյճանական Գործօնով Չէ Պայմանաւորուած»

July 17, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արծուիկ Մինասեան
Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան համոզուած է, որ արտաքին քաղաքականութեան հարցով պէտք է Հայաստանի դիմադրողականութիւնը բարձրացնել:

«Պէտք է հասկնալ, որ Հայաստանի ապագան «զարգանալ առանց զիջումներու» ըմբռնումին մէջ է: Աշխարհի որեւէ երկրի մէջ չկայ զիջումով յաջողութեան հասնելու որեւէ բանաձեւ: Եթէ զիջում, ապա բացառապէս հանդուրժողականութեան համար, որ կարելի է սերմանել, այլ բան զիջելու կարելիութիւն չկայ», ըսաւ պատգամաւորը`  պատասխանելով Tert.am-ի այն հարցումին, թէ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութենէն կարելի՞ է եզրակացնել, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հարցին ձգձգումը կապ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին հետ, եւ ատիկա պատասխան էր Ռուսիոյ, որ Հայաստան որոշ միութեան անդամակցելու համար զիջումներ պիտի չկատարէ:

Նշենք, որ Լատինական Ամերիկա կատարած պետական այցելութեան ծիրին մէջ արժանթինեան «Լա Նասիոն» եւ «Քլարիմ» պարբերականներուն տուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսած էր, թէ հայ ժողովուրդին կը մտահոգէ Ռուսիոյ կողմէ զէնքի վաճառքը Ազրպէյճանին:

«Սկիզբէն բոլորին պէտք է պարզ ըլլայ` թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Ղազախստանին, թէ՛ Պիելոռուսիոյ, աւելի եւս` Ազրպէյճանին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ իշխանութիւն երբեք չ՛ըսեր, որ յանուն համարկումի մենք պատրաստ ենք զիջումներ կատարելու», ըսաւ ան:

Արծուիկ Մինասեան չբացառեց, որ Հայաստանի Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան ձգձգման հարցով ազրպէյճանական գործօնը կապ ունի, սակայն, ըստ անոր, հարցը միայն ատիկա չէ: «Ես կը կարծեմ, որ թէ՛ Ղազախստան, թէ՛ Ռուսիա եւ թէ՛ Պիելոռուսիա միատեսակ պատկերացում չունին Հայաստանի համարկման եւ տնտեսութեան վերաբերեալ: Եւ եթէ անոր գումարենք, որ, այնուամենայնիւ, ազրպէյճանական լոպին կ՛աշխատի, ապա ակնյայտ կը դառնայ, որ բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ պիտի դրուին, որոնք շուտափոյթ լուծման ակնկալիք չեն կրնար ունենալ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաշուի առնելով տնտեսական գործօնը, կարելի՞ է, որ Հայաստան իր տնտեսութեամբ բեռ ըլլայ այդ երկիրներուն համար եւ այդ պատճառով չեն ողջուներ անոր անդամակցութիւնը, Մինասեան հակադարձեց. «Ես չեմ ըսեր, որ բեռ է, պարզապէս ամէն մէկ երկիր իր շահը գիտակցելով, եւ ինչու չէ նաեւ ազրպէյճանական լոպիի որոշակի ազդեցութիւնները կը դրդեն, որ Հայաստանի նկատմամբ վերապահ մօտեցում ըլլայ, ասիկա բնական է: Այլ խնդիր է, որ մենք մեր շահերը պէտք է փորձենք իսկապէս առջեւ մղել: Եթէ անոր իբրեւ արդիւնք, օրինակ, հայկական ապրանքատեսակները պէտք է ստանան որոշակի արտօնութիւններ այդ շրջանին մէջ, եւ ատիկա որեւէ առանձին երկիր կրնայ դիտել իրեն համար իբրեւ Հայաստանի կտրուածքով բեռ, ապա ատիկա իրենց խնդիրն է: Եթէ քաղաքական հարցով է, ապա անիկա նորէն իրենց խնդիրն է եւ պէտք չէ մեզի համար դառնայ սահմանափակող վարքագիծ կամ ալ զիջինք որոշ բան, որպէսզի ստանանք որոշ բան, այս ձեւը ճիշդ չէ»:

Իսկ ինչո՞ւ միայն հիմա անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ ըսել, որ մենք մտահոգուած ենք Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքէն, Արծուիկ Մինասեան նախ ընդգծեց, որ չի կարծեր, որ այդ հարցին բարձրացումը կապուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան կամ Մաքսային միութեան անդամակցութեան շրջանակներուն մէջ խոչընդոտներու հետ:

«Աւելի շատ իսկապէս Ազրպէյճանի յարձակողական պահուածքի, կեցուածքի հետ կապուած է, ինչ որ արդիւնք է նաեւ անոր, որ զէնքերու գնումը Ռուսիայէն է: Ռուսիոյ պաշտօնատար առանձին անձեր կը յայտարարեն, թէ զէնքի վաճառքը առեւտուր է, հիմա առեւտուրը վերածուեցաւ այլեւս սպառնալիքի, եւ չխօսիլ անոր մասին, չբարձրաձայնել, ու նաեւ չհրաւիրել համապատասխան ուշադրութիւն ու չձեռնարկելու քայլերու սխալ կ՛ըլլար», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Սերժ Սարգսեանի արձագանգը ուշացած չէ՞, ՀՅԴ-ի պատգամաւորը ըսաւ, թէ տրուած ըլլալով, որ ինք չի տիրապետեր բոլոր այն գործիքակազմին, թէ երկրի ղեկավարութիւնը ի՛նչ քայլեր կ՛իրականացնէ, կը դժուարանայ պատասխանել. «Բայց այն, որ «ուշ, բայց ոչ ուշացած»-ի դրութեամբ պէտք է աշխատիլ, այս պարագային միանշանակ է: Այսինքն` մենք առաւելագոյնս պէտք է թէ՛ միջազգային հանրութեան, թէ՛ յատկապէս Ռուսիոյ ուշադրութիւնը հրաւիրենք այդ փաստի վրայ, որ, այո՛, ազրպէյճանական զէնքի գնումները, զինուժի հարստացումը, ասիկա նաեւ արդիւնք է, պատճառ է ռազմատենչ կեցուածքի: Հետեւաբար, ամէն ինչ պէտք է ընել` յարձակումին դէմ կենալու»:

Նախորդը

Տիգրան Սարգսեան Տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հայկական Կազմակերպութիւններու Ղեկավարներուն Հետ

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Նոր Նախագահը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.