Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Ձեւով Ռուսիա Իբրեւ Դաշնակից Պիտի Կորսնցնէ Հայաստանը» Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

July 16, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
1507HrantMargaryan4
Հրանդ Մարգարեան

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, մեծաքանակ սպառազինութիւն վաճառելով Ազրպէյճանին` Ռուսիա իբրեւ դաշնակից պիտի կորսնցնէ Հայաստանը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին արձագանգելով այն հարցադրումին, թէ Ռուսիա կը պնդէ, որ ատիկա միայն առեւտուր է, Մարգարեան յայտնեց, որ ասիկա կը նշանակէ, թէ առեւտուրը կը գերակշռէ բարեկամական (եթէ այդպիսիք կան քաղաքականութեան մէջ) յարաբերութիւնները: «Ինծի կը թուի, որ պէտք է Ռուսիա անդրադառնայ, որ այս ձեւով ինք չի կրնար երկար ժամանակ իր շուրջը դաշնակիցներ պահել: Ինք պէտք է հասկնայ, որ այս ձեւով ինք պիտի կորսնցնէ Հայաստանը: Որովհետեւ միշտ ելքեր կարելի է գտնել, միշտ ելքեր կարելի է փնտռել, միշտ ձեւեր կան` դժուար, դիւրին ճամբաներ, որոնց համար ծանր գին կը վճարենք, բայց կրկին մեզի համար ելք կ՛ըլլայ: Բայց չեմ կարծեր, որ մենք այնքան անճարակ ենք, որ ուզենք թէ չուզենք, մեր միակ ելքը Ռուսիոյ հետ ըլլայ: Պէտք է Ռուսիա ինք նաեւ ասոր գիտակցի: Եւ պէտք է հասկնայ, որ սխալ մօտեցումը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ինք շատ աւելի մեծ կորուստներ ունենայ»:

Հրանդ Մարգարեանին կը թուի, թէ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն պահպանելը նաեւ Ռուսիոյ շահերէն կը բխի: «Բնականաբար, ասիկա պարզ բան մը չէ, որ մենք կարենանք անոր վրայէն լուռ անցնիլ: Ասիկա, կարծեմ, պէտք է մեր մէջ ընդվզում ստեղծէ: Ասիկա միայն ձեւով մը կրնար ընդունելի դառնալ, որ այն, ինչ որ կը վաճառէինք Ազրպէյճանին, մեր բաժինի գինն ալ Ազրպէյճանէն առնէր, բայց մեզի տար անվճար»:

Հայաստանի դաշնակից Ռուսիա վերջին տարիներուն դարձած  է Ազրպէյճանի յարձակողական նշանակութեան սպառազինութիւն վաճառող թիւ մէկ երկիրը: Անցեալ տարուան օգոստոսին Պաքուի մէջ Փութինի հետ տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Իլհամ Ալիեւ հրապարակեց  ռուս-ազրպէյճանական ռազմա-արհեստագիտական համաձայնագիրի ընդհանուր ծաւալը` 4 միլիառ տոլար` ակնարկելով, որ ատիկա աճելու միտում ունի:

Խօսելով Եւրասիական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին մասին` Մարգարեան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմանին վրայ մաքսատան տեղադրումը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութիւնը Մտադիր Է Փերինչեքի Գործին Մէջ Ներգրաւուելու Իբրեւ Երրորդ Կողմ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.