Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյրան Օհանեան Զեկուցեց Քարվաճառի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մասին

July 18, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1707Seyran-OhanianՀայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին սկիզբը պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան զեկուցեց Քարվաճառ ներթափանցած ազրպէյճանական խումբին մասին: Ան նշեց, որ 1994-ին զինադադարի կնքումէն ետք Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան արդիւնքով կը գործեն ե՛ւ արձակազէններ, ե՛ւ հետախուզական խումբեր, Ազրպէյճան պարբերաբար լարուածութիւն կը ստեղծէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ, եւ վերջերս այդ լարուածութիւնը տեղափոխուած է Հայաստանի հիւսիսարեւելեան շրջան` Տաւուշի մարզ: «Միշտ տեղեկութիւն եղած է, որ Քարվաճառի մէջ կարելի են նման ներթափանցումներ: Վերջին շրջանին որոշ հետքեր կային: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը  միջոցառումներու ձեռնարկեց` համագործակցելով ներքին գործերու եւ ազգային անվտանգութեան սպասարկութիւններուն հետ: Յայտնաբերուած են հետքերը եւ խումբի անդամ մը, որմէ ետք համապատասխան միջոցառումներ ձեռնարկուեցան յաւելեալ անցակէտերու եւ յաւելեալ ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ: Պաշտպանութեան բանակի եւ իրաւապահ ստորաբաժանումներու հետ բացայայտուեցան խումբին բոլոր անդամները», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

Ըստ նախարարին, կ՛իրականացուին գործողութիւններ հակառակորդի հաւանական ներթափանցման ուղիները բացայայտելու եւ ականապատման միջոցառումներ իրականացնելու ուղղութեամբ: «Կ՛իրականացուին բոլոր համապատասխան գործողութիւնները, որպէսզի շրջանին մէջ բնակչութեան վստահութիւնը ունենայ եւ բանակը իր առջեւ դրուած խնդիրները լուծէ: Ամէն բան կը կատարուի, որպէսզի հետագային  նման դէպքերը բացառուին», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

Կը Քննարկուի Քարվաճառի Շրջանի
Բնակիչները Զինելու Հարցը

Արցախի պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կը քննարկէ Քարվաճառի շրջանի բնակիչները զինելու հարցը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն ըսաւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, արձագանգելով այն դիտարկման, որ ազրպէյճանական վերջին հետախուզական խումբի ներթափանցման ծիրին մէջ աշխուժացած են բնակիչները զինելու անհրաժեշտութեան մասին խօսակցութիւնները:

«Այս տարածքը իւրայատուկ է անով, որ բնակիչներուն մէկ մասը պայմանագրային զինուորներ են, որոնք բոլորն ալ զինուած են: Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կը  քննարկէ, որ պայմանագրային զինուորներուն արտօնեն իրենց հետ զէնք-զինամթերք պահել նաեւ իրենց բնակավայրերուն մէջ, որպէսզի կարենան այդպիսի իրավիճակներու մէջ արագ արձագանգել», ըսաւ Սէյրան Օհանեան:

 

Նախորդը

Արեւելեան Լեռնաշղթային Վրայ Բախումներ` Հըզպալլայի Եւ Զինեալ Խմբաւորումներու Միջեւ

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան. «Պաքու Լուրջ Հարուած Կը Հասցնէ Բանակցային Հոլովոյթին»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.