Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան Աւագ Պարտաւորութիւնն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Արամ Ա. կաթողիկոս Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-ամեակին առիթով ուղղեց հետեւեալ պատգամը.

Սեպտեմբեր 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Որեւէ ազգի համար իր անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու իրաւունք, եւ միաժամանակ անոր առողջ ու հզօր պահպանումը նուիրական պարտաւորութիւն է: Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր ժողովուրդին համար, երբ իր անկախութիւնը պատմութեան ամէնէն դժխեմ պայմաններուն մէջ վերահաստատած է: Այսպէ՛ս եղած է նաեւ մայիս 28-ով յատկանշուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումը: Անկախութիւնը ծով զոհողութեամբ ու հաւաքական յանձնառութեամբ, ի պահանջել հարկին նաեւ արեան վկայութեամբ կը կերտուի:

Մայիս 28-ի անկախութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդին համար չեղաւ սոսկ անցեալի յուշ, այլ եղաւ մնայուն յուշարար ու ամէնօրեայ տագնապ, եռագոյնով դարձեալ ունենալու ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստան` ամբողջական հայութեամբ: Հազար փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որ 21 սեպտեմբեր 1991-ին դարձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան:

Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ` ներքին թէ արտաքին: Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը այն չէ, ինչ որ մեր երազին պատկերով տասնամեակներ շարունակ ուզեցինք ունենալ: Սակայն նո՛յն երազն ու իտէալը պէտք է պահել արծարծ: Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ չունի երազ ու իտէալ եւ զայն իրագործելու հաւատք, կամք ու յոյս: Մեր ժողովուրդը կոչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահել ամուր` իր պետական կառոյցներով, ներքին համերաշխութեամբ եւ յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին զօրեղ կապուածութեամբ հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ արժէքներուն նկատմամբ:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը տօնակատարութենէ անդին պէտք է դառնայ հրաւէր` ամուր ու կանգուն պահելու մեր հայրենիքը` հեռու ամէն տեսակ ներքին բեւեռացումներէ ու զգայնութիւններէ: Հայաստանը ամբողջ հայութեան հայրենիքն է: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է մօտենան Հայաստանին: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Հայաստանի պետական պատասխանատուները պէտք է մօտենան սփիւռքին:

Դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով մենք կորսնցուցինք Արցախը` Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը: Ապրինք ու գործենք այնպէս, որ Հայաստանը երբե՛ք հեռու չմնայ սփիւռքէն եւ սփիւռքը` Հայաստանէն: Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ հեռացնելը կամ անջատելը ազգային հերետիկոսութիւն է:

Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ողջ հայութեան` համախմբուելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն արժէքներուն` հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու գերիշխանութեան անվթար պահպանման ու առաւել հզօրացման շուրջ: Այս գիտակից յանձնառութեամբ միա՛յն մեր հայրենիքին անկախութեան նշումը իր ճշմարիտ ու ամբողջական իմաստն ու նպատակը կը ստանայ:

Թող Աստուած Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր սրբազան հողին պաշտպանութեան ու պահպանման համար իրենց արիւնը թափած մեր նահատակները եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մարտի դաշտին վրայ վիրաւորուած մեր զինուորներուն: Թող Աստուած Իր երկնային զօրութեամբ անսասան պահէ Հայաստանի` մեր սիրելի հայրենիքին անկախութիւնը եւ միակամ` մեր ժողովուրդի զաւակները` այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

21 Սեպտեմբեր 2025

 

Նախորդը

«Եթէ Հըզպալլան Չզինաթափուի, Իսրայէլ Պիտի Ընդլայնէ Իր Գործունէութիւնը, Եւ Ցամաքային Գործողութեան Մը Կարելիութիւնը Բացառուած Չէ» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Աղբիւր Մը

Յաջորդը

Պարրաք. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պէտք Է Յստակ Կերպով Յայտարարէ, Թէ Հըզպալլան Պիտի Զինաթափէ Եւ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնի»

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?