Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին. Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Անմիջապէս Դադրեցնելու Իսրայէլեան Յարձակումները»

Սեպտեմբեր 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 80-րդ նիստի ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ նշեց. «Այսօր ձեր առջեւ կանգնած եմ խօսելու համար խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ մարդու իրաւունքներու մասին, մինչ ժողովուրդը կը սպասէ, հողերէս շրջաններ բռնագրաւուած են, եւ հայրենիքս ու ժողովուրդս կեանքի ու մահուան միջեւ կը գտնուին»:

«Լիբանանեան փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր շրջանի ու աշխարհի փորձառութիւնները ինծի սորվեցուցին, թէ առանց խաղաղութեան բարգաւաճում չկայ: Քաոսին մէջ աճ չկայ: Տագնապներուն եւ պատերազմներուն մէջ բարգաւաճում չկայ: Խաղաղութիւնը բարգաւաճումի պտուղներուն համար միակ յարմար հողն է:

«Նոյն փորձառութիւնները նաեւ մեզի սորվեցուցին, թէ ինչպէս առանց խաղաղութեան բարգաւաճում չկայ, նոյնպէս առանց արդարութեան խաղաղութիւն չկայ: Առանց մարդու իրաւունքներու արդարութիւն չկայ: Եւ այդ իրաւունքներուն առաջինը արժանապատիւ կեանքի իրաւունքն է: Առանց արժանապատուութեան երկրի վրայ միայն գերեզմաններու խաղաղութիւնը կայ»:

Ան ընդգծեց, որ մեր մարդասիրական, բարոյական եւ քաղաքական պարտականութիւնը կը պահանջէ, որ կոչ ուղղենք` անյապաղ դադրեցնելու Կազայի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնները եւ վերակենդանացնենք լուրջ քաղաքական հոլովոյթը, որ պիտի յանգեցնէ պաղեստինեան հարցի մնայուն եւ արդարացի լուծման` հիմնուած միջազգային օրինականութեան բանաձեւերու, երկու պետութիւններու լուծումի սկզբունքի եւ երկու պետութիւններու` անվտանգութեան ու արժանապատուութեան վրայ հիմնուած համակեցութեան իրաւունքին վրայ:

Ան բացատրեց, որ Լիբանանի ներկայիս կրած երկրորդ բեռը պատմութեան մէջ իր հողին վրայ, իր բնակչութեան թիւին հետ համեմատած գաղթականներու մեծագոյն թիւի գոյութեան իրավիճակն է:

«Այստեղ մենք յոյս կը դնենք ՄԱԿ-ի եւ անոր մասնագիտացած գործակալութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մեր եղբայրներուն հետ մեր գործընկերութեան վրայ` անոնց հետ անմիջական բանակցութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ բարեհամբոյր հովանաւորութեան տակ` մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր ոլորտներուն մէջ համաձայնութիւններու եւ փոխըմբռնումներու հասնելու համար», նշեց ան:

Այս համաձայնագիրները պիտի յանգեցնեն Սուրիոյ կողմէ քաղաքացիներու արժանապատիւ ու անվտանգ վերստանձնման եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ տարբեր ոլորտներու մէջ գերազանց յարաբերութիւններու, բարի դրացնութեան եւ համապարփակ համագործակցութեան վերականգնման` յաղթահարելով եւ ջնջելով անցեալի երկիմաստութիւնները», յայտնեց նախագահը:

«Կը մնայ երրորդ բեռը` Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումին պատճառով աւերուածի վերականգնումը: Ասիկա կը ներառէ Լիբանանի պետութեան սահմանամերձ շրջաններ վերադարձի համար անհրաժեշտ ենթակառոյցները, ինչպէս նաեւ նախայարձակումի կողմէ աւերուած տուներն ու գիւղերը, առանց որոնց կայունութիւն չի կրնար ըլլալ:

«Ասկէ բացի մեր օրինական զինեալ ուժերուն մեր հողերու պաշտպանութեան մենաշնորհեալ գործին մէջ իրենց պարտականութիւնները կատարելու համար անհրաժեշտ կարելիութիւններու ապահովումը: Բան մը, որ կը յուսանք ապահովել յայտարարուած նախաձեռնութիւններու եւ այդ հարցին նուիրուած միջազգային խորհրդաժողովներ կազմակերպելու յայտարարուած խոստումներուն միջոցով», ըսաւ Աուն:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ուզածը առանձնաշնորհեալ վերաբերմունք չէ, այլ` արդար եւ հաւասար միջազգային պատասխանատուութիւն, որ պիտի վերականգնէ անոր առաքելութիւնը` իբրեւ ազատութեան եւ բազմակարծութեան օճախ:

«Եզրափակելով` կը վերադառնամ խօսքիս սկիզբին: Ես հիմա ձեզի հետ կը խօսիմ խաղաղութեան մասին, մինչ ժողովուրդիս մէկ մասը կը սպաննուի, իսկ հողիս մէկ մասը` կ՛ոչնչացուի: Պայքարը տակաւին կատաղի է` Լիբանանը կանգնած է կեանքի եւ ուրախութեան երկիր ըլլալու, անոնց համար իր շրջանի եւ աշխարհի համար հարթակ ըլլալու, եւ մահուան օճախ ու պատերազմներու ճահիճ ըլլալու, անոնց տարածման մեկնարկային հարթակ ըլլալու միջեւ: Մենք մեր որոշումը տուած ենք եւ պիտի մարմնաւորենք ու իրականացնենք առաջին տարբերակը: Ձեզի ուղղուած կոչս է. «Մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան, բարօրութեան համար մեզի հետ եղէ՛ք, մի՛ լքէք Լիբանանը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ

Յաջորդը

Սպաննուած Է Փարաքարի Համայնքապետ Վոլոդիա Գրիգորեանը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?