Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ-Շարհ Հանդիպում

September 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Փիկըթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ հանդիպում ունեցաւ` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները»:

Փիկըթ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Ռուպիօ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այս տարի սուրիացի ժողովուրդին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները մեղմացնելու պատմական յայտարարութենէն ետք, ներկայ փուլը Սուրիոյ համար առիթ է կառուցելու կայուն եւ գերիշխան պետութիւն մը»:

«Անոնք քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շարունակուող ջանքերը, անհետ կորսուած ամերիկացիներու գտնուած վայրերը ճշդելու համար թափուած ջանքերը եւ շրջանային անվտանգութեան ամրապնդման մէջ Իսրայէլ-Սուրիա յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանի յայտարարեց. «Ամերիկացի իմ պաշտօնակից Մարքօ Ռուպիոյի հետ Նիւ Եորքի մէջ գումարեցի ժողով մը, որ կը վերաբերէր երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման»:

«Ռուպիոյի հետ հանդիպումիս ընթացքին շեշտեցի պատժամիջոցները վերցնելու եւ վերակառուցման ու բարգաւաճման փուլին մէջ սուրիական կառավարութեան աջակցելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Շիպանի:

Նախորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 5 Հոկտեմբերին

Յաջորդը

Էրտողան. «Այն, Ինչ Որ Կազայի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ, Լիարժէք Ցեղասպանութիւն Է, Եւ Անոր Հեղինակը Նեթանիահուն Է»

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.