Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքը Ուղղելով Իրեն Դատողներուն` «Ես Որմէ՞ Ներում Պէտք Է Հայցեմ» Կ՛ըսէ Միքայէլ Արք. Աջապահեան

Սեպտեմբեր 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ոչ մէկուդ նկատմամբ չարութիւն ունեմ, միայն խղճահարութիւն ունիմ», ամբաստանութիւններուն պատասխանելու իր իրաւունքէն օգտուելով` երէկ մեղադրող կողմին ու դատաւորին ըսաւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան:

«Ես որմէ՞ պէտք է ներում հայցեմ», հարցուց Շիրակի թեմի առաջնորդը` անգամ մը եւս յայտարարելով, որ արդարութիւն պիտի չաղերսէ:

Դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեան այսօր վճիռ պիտի արձակէ` ազատութիւն շնորհե՞լ, թէ՞ ազատազրկել սրբազանը:

15 օգոստոսին սկսած եւ փաստացիօրէն մէկուկէս ամսուան մէջ աւարտական փուլ մտած դատավարութեան ամբողջ ընթացքին փաստաբանական խումբը կը պնդէր, որ գործընթացը անցած է խախտումներով, եւ կասկած կը յայտնէր, որ դատարանը արդար որոշում պիտի կայացնէ:

«Տեսնելով, թէ ինչպէ՛ս այս իշխանութիւնը կը զերոյացնէ նահատակներու յիշատակը` ես ուրախ եմ, որ մեղադրեալի աթոռին վրայ նստած եմ այս իրականութեան մէջ: Ահա թէ ինչու ես ձեզմէ ներողութիւն չեմ խնդրեր», աւելցուց Միքայէլ արք. Աջապահեան:

Դիմելով դատաւորին` ան ըսաւ, որ հակառակ անոր որ ան համոզուած է, որ սրբազանը անմեղ է, բայց մեղադրական վճիռ պիտի արձակէ:

Մեղադրանքի հիմքին մէջ մէկ տարի առաջ կատարուած հարցազրոյց մըն է, ուր Միքայէլ արքեպիսկոպոսը խօսած էր յեղաշրջման անհրաժեշտութեան մասին: Ընդ որում, մէկ տարի առաջ ընդհանուր դատախազութիւնը նոյն այդ խօսքերուն մէջ յանցակազմ չէր տեսած ու գործ չէր յարուցած: Դատախազութիւնը, սակայն, այս գործը յարուցելու ընթացքին կը հիմնաւորէ, թէ Աջապահեան յեղաշրջման անհրաժեշտութեան մասին միտքը կրկնած է յաջորդիւ` քանի մը անգամ:

62-ամեայ սրբազանը մեղադրանքը չ՛ընդունիր, աւելի՛ն` զայն կ՛որակէ քաղաքական հետապնդում: Մեղաւոր նկատուելու պարագային անոր կը սպառնայ տուգանքէն մինչեւ 5 տարուան բանտարկութիւն:

Նախորդը

Ամիրպեքով. «Ազրպէյճան Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Մեծ Կարելիութիւններ Կը Տեսնէ»

Յաջորդը

Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 5 Հոկտեմբերին

RelatedPosts

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն
Գաղութային

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համասի Հետ Բանակցութիւնները Չափազանց Յաջող Էին Եւ Արագօրէն Յառաջ Կ՛ընթանան»

Հոկտեմբեր 7, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»

Հոկտեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?