Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հանդիպում Ունեցաւ Ռուպիոյի Հետ

September 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ:

Նախագահ Աուն Ռուպիոյէն խնդրեց Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը Իսրայէլին ստիպելու, որ յարգէ 27 նոյեմբեր 2024-ի հարաւային Լիբանանի մէջ թշնամական արարքներու դադրեցման, բռնագրաւած իր կէտերէն հեռանալու, իր մօտ գտնուող լիբանանցի կալանաւորուածներու ազատ արձակման եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, մանաւանդ որ լիբանանեան կողմէն այդ համաձայնութեան որեւէ խախտում չկատարուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց նախագահական պալատը:

Աուն Ռուպիոյէն խնդրեց սպառազինութեամբ եւ սարքերով աջակցիլ լիբանանեան բանակին, որպէսզի վերջինս կարենայ կատարել իր պարտականութիւնը, որ կը ներառէ լիբանանեան բոլոր շրջանները, ինչպէս նաեւ խնդրեց անհրաժեշտ առիթը ապահովել Միջին Արեւելքի մէջ արդար, համապարփակ ու տեւական խաղաղութեան հաստատման համար:

Հանրապետութեան նախագահը ամերիկեան դիւանագիտութեան պետէն նաեւ խնդրեց Լիբանանի վերաշինութեան յատկացուած խորհրդաժողովի գումարման համար թափուող ջանքերուն Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

Ռուպիօ իր կարգին ընդգծեց «Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան աջակցութեան շարունակութիւնը»` ողջունելով այն ջանքերը, որոնք նախագահ Աունն ու լիբանանեան կառավարութիւնը կը թափեն Լիբանանի վերականգնման համար եւ յաղթահարելու այն պայմանները, որոնց մէջէն կ՛անցնի:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կը Սպասենք Պարրաքի Կողմէ Կառավարութեան, Բանակին Եւ Դիմադրութեան Տուած Որակումին Նկատմամբ Պաշտօնական Կեցուածքին, Որ Պէտք Չէ Ուշանայ»

Յաջորդը

Էրտողան. «Հայ-Թրքական Կարգաւորումը Կ՛ընթանայ Նախատեսուածին Համաձայն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.