Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պէտք Է Յստակ Կերպով Յայտարարէ, Թէ Հըզպալլան Պիտի Զինաթափէ Եւ Իր Պատասխանատուութեան Տէր Կանգնի»

September 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին յայտնեց, թէ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչնալու քայլը «ձեւականօրէն լաւ» է, սակայն «անօգուտ է եւ գործնականին մէջ իրականութեան փոփոխութեան չ՛օգներ»` շեշտելով, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումը պիտի չյաջողի:

Պարրաքի կարծիքով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի վերաբերեալ ծրագիր մը ունի, եւ պէտք է վերջ տալ այդտեղ տիրող կացութեան:

Ամերիկացի պատուիրակը նշեց, թէ Քաթար Համաս շարժումն ու Թալեպան շարժումը հիւրընկալած է Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով:

Անդրադառնալով լիբանանեան թղթածրարին` Պարրաք նշեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը շատ դժուար է, սակայն շեշտեց. «Այդտեղ այժմ իշխանութեան վրայ լաւ խումբ կայ»:

«Լիբանանը Հըզպալլան զինաթափելէ կը վախնայ, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն կարծիքը, թէ ատիկա քաղաքացիական պատերազմի կրնայ յանգեցնել»:

Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հըզպալլայի հետ ճակատումի մէջ պիտի չմտնեն, ըլլայ այդ իրենց ուժերով կամ ամերիկեան կեդրոնական հրամանատարութեան ճամբով:

«Հըզպալլան ներկայիս կողմէ մը ամսական 60 միլիոն տոլար կը ստանայ», նշեց Պարրաք` աւելցնելով, որ լիբանանցիները կը կարծեն, թէ կուսակցութիւնը իր ուժերը չի վերականգներ, երբ իրողութեան մէջ այդ մէկը կը կատարէ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի` Հըզպալլայի նկատմամբ կատարածը միայն խօսք է, առանց որեւէ գործնական քայլի:

Պարրաք աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը «լաւ կազմակերպուած է, սակայն բաւարար զինուած չէ»` շեշտելով, որ լիբանանեան կառավարութիւնը պէտք է յստակ կերպով յայտարարէ, թէ Հըզպալլան պիտի զինաթափէ եւ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ հինգ կէտեր ունի եւ անոնցմէ պիտի չհեռանայ:

«Հըզպալլան մեր թշնամին է, Իրանը մեր թշնամին է, եւ մենք կարիք ունինք այս օձերուն գլուխը կտրելու եւ անոնց ֆինանսաւորումը արգիլելու», ըսաւ Պարրաք:

Ամերիկացի պատուիրակը անդրադարձաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կեցուածքներուն եւ յայտնեց, թէ Նեթանիահուն սահմաններ եւ կարմիր գիծեր չի ճանչնար, եւ «որեւէ տեղ պիտի երթայ եւ որեւէ բան պիտի ընէ, եթէ զգայ, թէ Իսրայէլ վտանգուած է»:

Նախորդը

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան Աւագ Պարտաւորութիւնն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Ուղերձը Անկախութեան Վերականգնման Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.