Պոլսոյ «Վարդանանց» Երգչախումբը Լիբանան Հասաւ Եւ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով երէկ` հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերին Լիբանան հասաւ Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը: Գաղութային կառոյցներուն ծանօթանալու շրջագիծին մէջ երէկ «Վարդանանց» երգչախումբին անդամները այցելեցին «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացան կեդրոնին մէջ գործող մշակութային եւ տեղեկատուական կառոյցներու աշխատանքներուն: Այցելութեան յաջորդական հանգրուաններն էին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը, գրատունը եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը, «Ազդակ»-ի խմբագրատունը եւ «Վանայ ձայն»-ը: Երգչախումբին անդամները առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ...


















