Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորութեամբ, Սուխումիի մէջ Աբխազիոյ նորընտիր նախագահ Ռաուլ Խաճիմպայի երդման արարողութենէն ետք (հինգշաբթի) տեսակցած է անոր հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կողմերը ընդգծած են փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆելիքս Խաչատրեան, Աբխազիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Վաղարշակ Քոսեան եւ պատգամաւոր Լեւոն Գալստեան:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Խաճիմպայի երդման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Աբխազիոյ կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ, տարբեր պետութիւններու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ, Աշոտ Ղուլեան կարդացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի շնորհաւորական ուղերձը:


