Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ՄԱԿ-ի 69-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մասնակցող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երեքշաբթի տեսակցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտրիոյի, Ճէյմս Ուորլիքի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան` տեսակցութիւնը շարունակուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի մասնակցութեամբ:
Նախարարները եւ համանախագահները շարունակած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին առնչուող հարցերու քննարկումները:
«Համանախագահները վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղուած միացեալ ջանքերու գործադրման վճռականութիւնը», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:
Նաեւ քննարկուած են Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները:
Եռանախագահները տեղեկացուցած են իրենց ցանկութեան մասին` հոկտեմբերին այցելելու շրջան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորքի մէջ երեքշաբթի նաեւ տեսակցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, հանդիպման ընթացքին նախարարները անդրադարձած են յառաջիկային տեղի ունենալիք փոխադարձ այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ նախատեսուած հայ – իրանեան միջկառավարական յանձնախումբի 12-րդ նիստի նախապատրաստական աշխատանքներուն:
Նալբանդեան եւ Զարիֆ նաեւ քննարկած են Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները, միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու շուրջ:
Իսկ Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թիտուս Քորլացեանի հետ Նալբանդեանի հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձած են հայ-ռումանական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:
Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միացեալ ջանքերը` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ տեսակցած է Քոսովոյի նախագահ Աթիֆեթէ Եահիակայի հետ:
Նալբանդեան նշած է, որ թէեւ Հայաստան չէ ճանչցած Քոսովոն, սակայն նման կարգի հանդիպումները օգտակար են միտքերու փոխանակման համար: Եահիակա իր կարգին ներկայացուցած է դրացի երկիրներու հետ Քոսովոյի յարաբերութիւնները: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են միջազգային հրատապ խնդիրներու վերաբերեալ:


