Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասիկա Նախագահին Ամէնէն Յաջող Ելոյթն Էր ՄԱԿ-ի Մէջ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

September 26, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0925_Rusdamian1ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթը ՀՅԴ-ն կը նկատէ անոր «ամէնէն յաջող ելոյթը` դիպուկ եւ ճիշդ շեշտադրումներով»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ շատոնց պէտք էր ատիկա ըլլար. «Ես կը կարծեմ, որ նախագահի ամէնէն յաջող ելոյթն էր: ՄԱԿ-ի մէջ շեշտադրումները շատ դիպուկ եւ ճիշդ էին: Հիմնական խնդիրները, որ այսօր Հայաստանի համար կարեւոր են, այդ հարցերէն չխուսափեցաւ, եւ ամենայն անկեղծութեամբ ներկայացուց այն բոլոր խնդիրները, որոնք գոյութիւն ունին երկու հիմնական ուղղութիւններով` հայ – թրքական յարաբերութիւններ, ցեղասպանութեան խնդիր եւՂարաբաղի հարց, եւ որ շատ աւելի կարեւոր է, կը կարծեմ, որ նաեւ խօսուեցաւ այս արձանագրութիւններու ճակատագիրին մասին»:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ վերջին քայլերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը կատարէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, «ուղղակի տեղ չեն ձգեր բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու այդ երկրին հետ»:

«Յստակ կը նշուի, որ Էրտողան չի հրաժարիր իր հիմնական նախապայմանէն. այն է` յանձնել Արցախը Ազրպէյճանին: Դիպուկ է նաեւ այն որոշումը, որ մենք բացարձակապէս այդպէս պէտք չէ վարուինք այն ցանկութեամբ, որ անպայման այդ արձանագրութիւնները պէտք է վաւերացուին. թող չվաւերացուին, եւ Թուրքիա պէտք է գիտնայ, որ եթէ փակ պահէ այդ սահմանները, ատով Հայաստանը ծունկի չի կրնար բերել»,  ըսաւ Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հակասութիւն չկա՞յ Էրտողանը Հայաստան հրաւիրելու եւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն նման շեշտադրումներ կատարելու միջեւ, Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Ոչ, ես կը կարծեմ, որ Հայաստան ցոյց կու տայ, որ ինք հակուած է յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, բայց բնականոնացնել առանց նախապայմաններու, եւ անշուշտ նաեւ պէտք է նշուի, որ այս մեծագոյն զիջումն է, որ Հայաստան նախապայման չի դներ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, եւ ասիկա առաւելագոյնն է, որ Հայաստանէն կարելի է ակնկալել»:

 

Նախորդը

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի. «Գրողի Ծոցը Վաւերացնէք»-ը Էրտողանին Հասկնալի Ոճով Ըսուած Էր

Յաջորդը

Քանատա Դատապարտած Է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.