21 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ականահարած է Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ռաշտիէ թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի պատմական եկեղեցին:
Այս առնչութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կը յայտնէ. «Նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ այս անասելի վայրագութեան, մշակութային ցեղասպանութեան նոր դրսեւորումը, կոչ կ’ուղղէ սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն, զանգուածային լրատուամիջոցներուն` հայ ժողովուրդի նուիրական սրբավայրին դէմ իրագործուած այս սոսկալի վանտալիզմին դէմ բողոքի ձայն բարձրացնելու, դիմելու իրենց բնակած երկիրներու իշխանութիւններուն, օտարերկրեայ դեսպանութիւններուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, մշակոյթի պահպանութեամբ զբաղող հեղինակաւոր կառոյցներուն` դատապարտելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակի, հայ ժողովուրդի եւ բոլոր ազգերու, մարդու եւ ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան դէմ իրականացուած ոճիրը եւ միջոցներ ձեռք առնելու` ուղիներ գտնելու, կանխելու համար նման քստմնելի յանցագործութիւնները:
Վստահ եմ, որ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախօրեակին, համայն հայութիւնը պիտի դրսեւորէ միասնական կամք ու վճռակամութիւն` իր ձայնը լսելի դարձնելով ամբողջ աշխարհին»:


