
Աշխատանքային այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան չորեքշաբթի տեսակցած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտի հետ:
Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան, տեսակցութեան ընթացքին Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է Եակլանտը Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով եւ մաղթած նորանոր նուաճումներ այդ պատասխանատու առաքելութեան մէջ:
Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումները: Այդ հոլովոյթին մէջ երկուստեք կարեւոր նկատուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերակատարութիւնը:
Կողմերը նաեւ անդրադարձած են Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին: Եակլանտ կարեւոր նկատած է հոլովոյթը եւ ատոր Վենետիկի յանձնախումբին մասնակցութիւնը: «Ան վերահաստատած է այդ հոլովոյթին Եւրոպական խորհուրդի աջակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը եւ վստահութիւն յայտնած, որ ատիկա կը նպաստէ մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքներու հիման վրայ Հայաստանի եւ անոր հասարակութեան զարգացման ուղղուած բարեփոխումներու հոլովոյթը ա՛լ աւելի խորացնելուն», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


