«Ուժանիւթի մարզը մեր երկրի տնտեսութեան ամէնէն կարեւոր ճիւղերէն է, եւ մեր նպատակն է երկրին մէջ ապահովել ուժանիւթի կայուն համակարգ», Հայաստանի ուժանիւթի մարզին վերաբերող քննարկումի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Ան կարեւոր նկատեց Համաշխարհային դրամատան թեքնիք օժանդակութիւնը մարզի հետագայ զարգացման գործին մէջ:
Ըստ կառավարութեան բանբերին, Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչները անդրադարձած են մարզին մէջ Հայաստանի ունեցած առաւելութիւններուն եւ խնդիրներուն, յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին կատարուելիք հաւանական քայլերուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ուժանիւթի անվտանգութեան, ելեկտրական հոսանքի մատակարարման կարելիութեան մակարդակի բարձրացման եւ նոր ենթակառոյցներու ստեղծման վերաբերող հարցեր:
Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան տեղեկացուց, որ վարչապետին յանձնարարութեամբ կը մշակուի ուժանիւթի համակարգի հետագայ զարգացման վերաբերեալ համապարփակ ծրագիր մը, որ պիտի ներկայացուի մինչեւ տարեվերջ, ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


