Գլխաւոր լուրեր

Fotor01023140438-f

Սահմանապահ Համայնքներուն Պէտք Է Տրուի Ամբողջական Արտօնութիւն

Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի խորհրդարանին մէջ արդէն երկու օրէ ի վեր հրատապ կարգով կը քննարկուի կառավարութեան ներկայացուցած ծրարը` սահմանամերձ համայնքներուն հարկային արտօնութիւններ շնորհելու վերաբերեալ: Քննարկուող հարցին վերաբերեալ խօսք առնելով` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ սահմանամերձ գիւղերուն պէտք է ոչ միայն հարկային արտօնութիւններ տալ, այլ նաեւ որոշ  ընկերային-տնտեսական աջակցութեան ծրագիրներ կիրարկել: «Օգոստոսին, երբ Ազգային ժողովի  խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները այցելած...

IMG_4848

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Հայրենի Արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Իլիաս Ապու Սաապի, երէկ` հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ հայրենի արուեստագէտ Աննա Շահնազարեանի գործերու ցուցահանդէսին բացումը: Ներկայ էին Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, միութիւններու  ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ արուեստասէր բազմութիւն մը: Ցուցասրահին...

1022_Parliament_Special-Session

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Համար Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստ

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան համաձայնագիրին վաւերացման համար խորհրդարանական  արտակարգ նիստ պիտի գումարուի 17-18 նոյեմբերին:  Այդ մասին NEWS.am-ի թղթակիցին յայտարարեց Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան: Ըստ անոր, համաձայնագիրը խորհրդարանին պիտի ներկայացուի Սահմանադրական դատարանին կողմէ, որ այժմ կը ստուգէ երկրի հիմնական օրէնքին փաստաթուղթերու ծրարի  համապատասխանութիւնը: «Սահմանադրական դատարանը գործնական կ՛աշխատի, որովհետեւ  համաձայնագիրը պէտք է ժամանակին վաւերացուի: Բացի ատկէ, մինչեւ դեկտեմբեր ամսուան աւարտ ...

1022Rusdamian

Դաշնակցութիւնը Իր Որոշումները Չի Փոխեր

Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու մասին համաձայնագիրը, համաձայն «Միջազգային համաձայնագիրներու մասին օրէնքին», առնուազն 1.5 ամսուան ընթացքին պէտք է ուղարկուի Ազգային ժողով` վաւերացման: 3 սեպտեմբեր 2013-էն ետք խորհրդարանին մէջ ներկայացուած խորհրդարանական ուժերը բազմաթիւ դիրքորոշումներ յայտնած են Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու վերաբերեալ. Tert.am-ը, յառաջիկայ արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրին ընդառաջ, անգամ մը եւս ճշգրտեց Ազգային ժողովի  խմբակցութիւններուն դիրքորոշումն ու քուէարկութեան կերպը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան...

1022_Ardag-Zakarian

«Եւրանեսթ»-ի Դ. Լիագումարը 2015-ի Մարտին Հայաստանի Մէջ

Արտակ Զաքարեան Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան «Եւրանեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստը տեղի կ՛ունենայ 16-20 մարտ 2015-ի Հայաստանի մէջ: Համապատասխան որոշումը հաստատուած  է «Եւրանեսթ»-ի քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին: Այս մասին Ազգային ժողովին մէջ ասուլիսի ատեն երէկ յայտնեց Պրիւքսէլէն վերադարձած Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան: Խորհուրդի նիստին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը յիշեցուցած է, որ 2013 թուականի մայիսին տեղի ունեցած «Եւրանեսթ»-ի...

IMG_9782

Հարցազրոյց` «Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամի Հիմնադիրներուն Հետ

Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի հիմնադիրներէն Րաֆֆի Գասարճեանի եւ Ճորճ Թապաքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նման հիմնադրամի մը հաստատման տուն տուող պատճառներուն. հիմնադիրները դիտել տուին, որ իրենց ապրած անձնական փորձառութենէն մեկնած ուզած են ստեղծել այնպիսի կառոյց մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ Հայաստան հաստատուիլ...

8739_b

Նախագահը Դրուատեց Յատուկ Քննչական Ծառայութեան Աշխատանքը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ներկայ գտնուած է Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան  յատկացուած նոր շէնքի բացման: Նշելով, որ ծառայութեան գործունէութեան վերաբերեալ օրէնքով նախատեսուած տարեկան գրաւոր հաղորդումներու ուսումնասիրութիւնները, հրապարակային եւ թափանցիկ գործելաոճը յստակօրէն ցոյց կու տան ծառայութեան հետեւողական յառաջընթացն ու զարգացումը, նախագահ Սերժ Սարգսեան  մասնաւորապէս ըսած  է. «Թերեւս քիչ հաստատութիւններու մէջ ես այսպիսի գնահատականներ կու տամ, բայց ես անկեղծ կ՛ըսեմ: Եւ ասիկա...

1021_Cavusoglu-f

Չաւուշօղլու Ամերիկաբնակ Թուրքերուն Հետ Խօսած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «կիրեսունկազեթէ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Նիւ Եորք կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ եւ խօսած Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Հանդիպումին ընթացքին Չաւուշօղլու ներկաներուն յիշեցուցած է, որ հայկական սփիւռքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած արշաւի ձեռնարկած է: Ան ըսած է, որ 2015-ը թուրքերուն համար «բախումներու տարի չէ,...

1021_Armen-Rustamyan-f

«Իրական Իշխանափոխութիւնը Պէտք Է Զուգորդուի Համապատասխան Համակարգային Փոփոխութեամբ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանի յայտարարութիւններուն ընթացքին նշեց, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն դէմ արտայայտուողները շատ յաճախ երկու փաստ կը նշեն. մէկը, որ իբրեւ թէ սահմանադրական փոփոխութիւնները կապ չունին մեր խնդիրներուն  լուծման հետ, իսկ միւսը, որ եթէ  լաւ բան է, ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեան  ատիկա կ՛ընէ:   «Նախ անդրադառնամ այս վերջինին: Եթէ ուրիշ պատճառներ չբերեմ, որոնք աւելի խորքային են եւ...

1021_AJ

«Սահմանադրական Փոփոխութիւններն Են, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Երկրին Կայուն Զարգացումը» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին երէկ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, մէջբերելով սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի քանի մը կէտեր, նշեց որ սահմանադրական փոփոխութիւններն են, որոնք պիտի  երաշխաւորեն երկրի կայուն զարգացումը, ուրեմն լաւ կ՛ըլլար, որ սահմանադրական բարեփոխումներուն ընդդիմացողներուն մէկ մասը գոնէ փորձէր կարդալ այդ հայեցակարգը: «Անոնք, որոնք կարդացած են, սակայն հետեւողականօրէն չեն հաւատար, կրնամ հասկնալ, ատոր համար ալ կը հրաւիրեն այս...

1021_kater4

Ազգային-Ժողովրդական Երգերու Մեկնաբան Լեւոն Գաթրճեանի Մեծարանքի Երեկոյ

Երկար տասնամեակներէ ետք, լիբանանահայ երաժշտասէր հանրութիւնը, երէկ` երեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ վերյիշեց ու ապրեցաւ Լիբանանի նախապատերազմեան 1960-ական ու 1970-ական թուականներու մշակութային քաղցր յիշատակները: Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ միութենական ներկայացուցիչներու ներկայութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հանրայայտ երգիչ Լեւոն Գաթրճեանի մեծարանքի երեկոն իւրայատուկ նախընթաց մը եղաւ լիբանանահայ...

1020_Aprahamian_Rouhani

Իրանի Մէջ. Վարչապետ Աբրահամեան Տեսակցեցաւ Նախագահ Ռուհանիի Հետ

Աբրահամեան եւ Ռուհանի «Հայաստանի մէջ բարձր կը գնահատեն Իրանի հետ ձեւաւորուած սերտ, բարի դրացիական յարաբերութիւնները, որոնք խարսխուած են մեր ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան հիմքերուն վրայ»,  յայտարարեց պաշտօնական այցելութեամբ Իրան  գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հանդիպումին ընթացքին: «Հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կը շարունակեն զարգանալ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւնները հիմնականին մէջ...

1020_Armen-Rusdamian

Ռուստամեան. «Եթէ Հրաժարինք Սահմանադրական Փոփոխութիւններէն, Կ՛ունենանք Նոր` Չորրորդ Նախագահ, Որմէ Պիտի Դժգոհինք»

Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներու հետ երէկ կատարուած զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Սերժ Սարգսեանի` սահմանադրական փոփոխութիւններուն հայեցակարգի վերաբերեալ դիրքորոշում յայտնելու յետաձգումը պայմանաւորուած չէ՞ ոչ իշխանական եռեակին ճնշումով, ըսաւ. «Եթէ եռեակի մօտեցումները որեւէ մէկը ինծի լիարժէքօրէն ձեւակերպէ, ես աւելի դիւրին կը պատասխանեմ այդ հարցումին: Առայժմ հրապարակուած տեսակէտը այն է, որ...

1020_Seyran-Ohanian

Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Այցելած Է Սահմանամերձ Զօրամաս

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան կիրակի անակնկալօրէն այցելած է բանակի սահմանամերձ զօրամասերէն մէկը: Օհանեանին ուղեկցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Գառնիկ Հայրապետեան, բանակային զօրամասի  հրամանատար, գնդապետ Օննիկ Գասպարեան եւ այլ պաշտօնատարներ: Նախարարը շրջագայած է զօրամասին մէջ, զրուցած է զինուորներուն հետ, ծանօթացած` զօրամասի անձնակազմի ընկերային եւ կենցաղային պայմաններուն, ստուգած է զօրամասի կիրակնօրեայ յատուկ օրակարգը եւ ընդհանուր առմամբ  ծանօթացած`...

1020_azkayin

Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Գումարեց Ընթացիկ Շրջանի Իր Գ. Նիստը

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի ընթացիկ շրջանի Գ. նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` երկուշաբթի, 20 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն: Ազգային...

1020_ojantag

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Նպաստաբաշխում` Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայ Գաղթական Ընտանիքներու

Երէկ` երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-էն սկսեալ, նախաձեռնութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ մարմինին համագործակցութեամբ միջազգային ՕՐԱ կազմակերպութեան տրամադրած նպաստներու բաշխումը 350 սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու, որոնք ապաստանած են Լիբանան: Ասիկա երրորդ անգամն է, որ ԼՕԽ-ի միջոցով նմանօրինակ օժանդակութիւն կը բաշխուի: Նպաստներու տրամադրման դասաւորումը տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի...

n_72903_1

Ակնարկ. Վերաշարադրել Էրտողանի «Ցաւակցագիրը»

Թուրքիոյ  նախագահը «Մարմարա» համալսարանին մէջ անդրադարձած է պատմական իրադարձութիւններուն մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու կարեւորութեան, խօսած է 1915-ի դէպքերուն մասին, քննադատած է Անգարայի նախկին քաղաքականութիւնը` «չլսենք, չտեսնենք»-ի մասին, յայտարարած, որ 1915-ի դէպքերու 100-ամեակին, առանձնայատուկ կերպով պիտի զբաղին այդ հարցով: Էրտողան «դէպքեր»-ը ուսումնասիրելու նպատակով կոչ ուղղած է օգտուելու Թուրքիոյ գրադարաններէն, ուր պարզ պիտի դառնայ, թէ Ցեղասպանութիւնը իրագործողները հայերն են եւ ոչ թէ թուրքերը:...

1019_Minsk-Group

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Երեւան Եւ Պաքու Իրենց Այցելութեան Շուրջ Յայտարարութիւն Տարածած Են

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 14-18 հոկտեմբերին Երեւան եւ Պաքու իրենց կատարած այցելութեան արդիւնքներուն շուրջ յայտարարութիւն տարածած են: ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները անցեալ շաբաթ այցելած են Ազրպէյճան եւ Հայաստան` պետական պաշտօնատարներու հետ հանդիպելու եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան առաքելութեան մասնակցելու համար: Այցելութեան ծիրին մէջ  համանախագահներուն միացած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական...

AOR_Cover_082613-f

Ըստ Թրքական Մամուլին. Սպիտակ Տունը, Ցուցադրելով Հայկական Գորգը, Ուղերձ Կը Յղէ Թուրքիոյ

Սպիտակ տունը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի հայ որբերու գործած գորգը 18-23 նոյեմբերին ցուցադրել նախագահական նստավայրի այցելուներու սրահին մէջ: Լուրը մեծ արձագանգ ստացած է թրքական մամուլին մէջ: Սպիտակ տան այդ քայլը մեկնաբանուած է իբրեւ  Թուրքիոյ հասցէագրուած ուղերձ: Մասնաւորապէս թրքական «Էլազիկտանհապեր» լրատու կայքը կը նշէ, որ հայկական գորգի ցուցադրումը  կարելի է դիտարկել Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Ինճիրլիք խարիսխին շուրջ բանակցութիւններու ծիրին...

1019_repat2

«Վերադարձ Հայաստան» Հիմնադրամ. «Մեր Ապագան Մեր Հողին Հետ Կապուած Պէտք Է Ըլլայ» Ըսաւ Վարդան Մարաշլեան

«Ռիփաթ Արմինիա» (Վերադարձ Հայաստան) հիմնադրամի պատուիրակութեան անդամները հանդիպում-զրոյց մը ունեցան հանրութեան հետ կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2014-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Աղբալեան -ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լեւոն Աւետանեանը, ապա «Վերադարձ Հայաստան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան ամփոփ գիծերով ներկայացուց հիմնադրամի ստեղծման առաքելութիւնը, որ է դիւրացնել վերադարձը Հայաստան հաստատուիլ որոշողներուն` հայթայթելով այն բոլոր անհրաժեշտ տեղեկութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են տեղափոխուողներուն...

Page 820 of 885 1 … 819 820 821 … 885