Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայերը Եւ Թուրքերը» Գիրքը Արժանացած Է Մրցանակի Եւ Դրամական Պարգեւի

October 28, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1027BarkevՀայրենի լրագրող, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի «Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը» գիրքը արժանացած է գրական մրցանակի եւ դրամական պարգեւի: 27 հոկտեմբերին Երեւանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ բազմաթիւ ներկաներու առջեւ ելոյթ ունենալով «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան ըսած է, որ «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակի երեք մրցանակակիրներէն մէկը Թաթուլ Յակոբեանը եւ անոր «Հայերը եւ թուրքերը» հատորն է: Այս մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենայ 1966-էն ի վեր երկու տարին անգամ մը:

Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի կողմէ մրցանակը եւ Հայկաշէն Ուզունեանի դստեր` Թալին Ուզունեան-Աւագեանի ձեռամբ 2000 տոլար դրամական պարգեւը ստանալէ ետք Թաթուլ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած է եւ ըսած, որ ուրախ է ստանալու մրցանակ մը, որուն ժամանակին արժանացած են արեւմտահայ եւ արեւելահայ նշանաւոր գրողներ Մուշեղ Իշխանը, Անդրանիկ Ծառուկեանը, Կարպիս Սուրէնեանը, Ռոպեր Հատտեճեանը, Լեւոն Հախվերդեանը եւ ուրիշներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ «Հայկաշէն Ուզունեան» 2014 թուականի երեք մրցանակներուն համար ներկայացուած է աւելի քան 60 աշխատութիւն, որոնցմէ երեք ամէնէն արժանիները ստացած են մրցանակներ: Նախարարը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ  տարելիցի նախաշեմին կարեւոր նկատած է «Հայերը եւ թուրքերը» հատորին  արժեւորումը: «Հայերը եւ թուրքերը» գիրքէն բացի մրցանակներու արժանացան թարգմանիչ Արամ Թոփչեանի «Համլեդ»-ը եւ պատմաբան Սուրէն Սարգսեանի «Արմենիա» պարբերականը ազատագրական ակունքերում» հատորները:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ Աշակերտական Վերամուտ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Քիւրտերու «Երկաթէ Շերեփը» Եւ Ձեռնունայն Ու Յուսախաբ Թուրքիան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.