Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. Հայ Ժողովուրդին Հանճարներէն Նկատուած Նահատակ Բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանին Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ

October 29, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0858Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան, երէկ` երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Դանիէլ Վարուժան. Ցեղին հանճարը» վերնագիրով դասախօսական երեկոյ մը:

Ռաֆայէլ Ումուտեան
Ռաֆայէլ Ումուտեան
Հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան
Հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան

Հանդիսավար Լորի Եթերեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախկին սաներու միութեան անունով խօսք առաւ Ռաֆայէլ Ումուտեան, որ բարձր գնահատեց նման երեկոյի մը կազմակերպումը, մանաւանդ երբ նուիրուած է նահատակ բանաստեղծի մը: Ումուտեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին` ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելուն համար:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան, որ լայնօրէն անդրադարձաւ նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կեանքին եւ բանաստեղծական ստեղծագործութեան արժէքներուն, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ձգած են հայկական մշակութային եւ գրական կեանքին վրայ` Վարուժանը որակելով հայկական եւ համամարդկային արժէք ունեցող բանաստեղծ: Պատգամախօսը իր ներկայացումին ընթացքին բանաստեղծական կտորներ մէջբերելով ներկայացուց Վարուժանի լաւագոյն գործերը` «Հացին երգը», «Ցեղին սիրտը», «Սարսուռներ» եւ «Հեթանոս Երգեր»:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Եւա Ղազարեան, որ ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը, իսկ Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ն:

Ձեռնարկին փակման խօսքը արտասանեց Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, որ գնահատեց ձեռնարկը նախաձեռնողներուն աշխատանքը, յատկապէս պատգամախօս հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեանին ներկայացումը:

 

 

Նախորդը

Արցախի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Երգի Համոյթը` Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 23, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.