Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ ընդունեց Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազին: Ողջունելով հիւրը` վարչապետը բարձր գնահատեց Հայաստանի համագործակցութիւնը Վատիկանի հետ եւ ընդգծեց Ս. Աթոռի դերը քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հաստատման գործին մէջ:
Աբրահամեան բարձր գնահատեց կարտինալին գործունէութիւնը, որ կը նպաստէ հոգեւոր-բարոյական արժէքներու տարածման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան մաս կազմող հայ հոգեւոր մշակոյթի ճանաչման:
Կարտինալ Ռաւազի կարեւոր նկատեց երկկողմ համագործակցութիւնը` հայկական մշակոյթը Վատիկանի մէջ լաւագոյնս ներկայացնելու գործին մէջ եւ համոզում յայտնեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման:
Վարչապետ Աբրահամեան եւ կարտինալ Ռաւազի նաեւ քննարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հայ մշակոյթի տարածման վերաբերող հարցեր:
Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազի երէկ նաեւ այցելեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր կարտինալին գլխաւորած պատուիրակութիւնը ողջունեց Մայր աթոռի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Յովակիմ եպս. Մանուկեան: Հիւրերուն փոխանցելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու բարեմաղթանքները` սրբազանը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանեայց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ջերմ յարաբերութիւններուն եւ սերտ գործակցութեան: Կարտինալ Ռաւազի իր կարգին փոխանցեց Ամենայն հայոց հայրապետին ուղղուած Ֆրանչիսկոս պապի եղբայրական ողջոյնները:
Այնուհետեւ կարտինալը այցելեց Մայր տաճար, եւ Մայր աթոռի «Ռուբէն Սեւակ» թանգարան:
Իսկ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ կարտինալը հանդիպեցաւ գիտական խորհուրդի անդամներուն եւ ուսանողութեան հետ, տեղի ունեցաւ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ. Քրիստոնէութեան ընդհանուր ժառանգութիւն» գիրքին հայերէն եւ ռուսերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը:
«Ես չեմ գիտեր` կ՛այցելեմ, թէ ոչ, բայց հայ ժողովուրդի կողմէ ցանկութիւն կայ, որ Հռոմի պապը գայ Հայաստան», լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ կարտինալը` պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է կարտինալին 24 ապրիլ 2015-ին հանդիպիլ Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
Ան նշեց, որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ այդ օրը հայ ժողովուրդին ուղղուած համերաշխութեան, եղբայրութեան ուղերձ պիտի յղուի:
«Մարդկութիւնը կը յիշէ, բոլորը կը յիշեն: Չեմ գիտեր, ուր կ՛ըլլամ, բայց անպայման այդ պահը կը յիշեմ», ըսաւ կարտինալը:
«Ժամանակին դիմած եմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին, որպէսզի կարելին կատարուի կարեւոր պատմական վաւերագիրները` Ջուղայի խաչքարերը փրկելու համար», ըսաւ ան` պատասխանելով հետեւեալ հարցումին. «Ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ «Հայաստան խաչքարերու երկիր է», սակայն Ազրպէյճան կ՛ոչնչացնէ Ջուղայի հայկական խաչքարերը, արդեօ՞ք որեւէ քայլ կատարուած է այդ վայրագութիւնը կանխելու ուղղութեամբ»:
Կարտինալը ցաւով նշեց, որ ժողովուրդներու բախման ընթացքին տեղի կ՛ունենան նման վայրագութիւններ:


