Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի 1964-2014 յուշամատեանի եւ «Ոսկեայ յուշեր» յիսնամեակի տեսերիզներու ալպոմի շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վերա Եագուպեան, ան նշեց, թէ յիսնամեակը դպրոցին ջամբած ազգային ոգին եւ նուիրեալ հայու վերարժեւորման առիթ է: Ան նշեց, որ քոլեճը միշտ ալ ունեցած է որակաւոր եւ թանկագին ուսուցիչներու փաղանգ մը: «Յիսուն տարիներու ընթացքին, որոնք ակնթարթ մը կը թուին ըլլալ, բխած իրագործումները յաւերժական պահեր են բոլորին համար: «Այս անառիկ ամրոցը» սփիւռքի զանազան գաղութներուն հայթայթած է խմբագիրներ, ուսուցիչներ, ազգային գործիչներ, արուեստի մարզին մէջ մշակներ, եւ ամէնէն կարեւորը, որ իր արեամբ մասնակցած է Հայ դատի պայքարին», ըսաւ ան, ապա յայտնեց, որ շնորհահանդէսը յիսնամեակի հանդիսութիւններու փակումն է, որ պատկառելի ձեւով կը ներկայացուի շնորհիւ մեկենասներուն` տէր եւ տիկին Սարգիս Կիտցինեաններուն:
Գեղարուեստական յայտագիրին ասմունքով իրենց մասնակցութիւնը բերին Ցոլեր Պուտաքեան «Յիսնամեակ» քերթուածով եւ Նաթալի Քելխաչերեան «Լուսաբաց» քերթուածով, իսկ քոլեճի երգչախումբը ներկայացուց «Մայրենի լեզու» խմբերգը` խմբավարութեամբ ուսուցիչ Գայեանէ Մարկոսեանի:

Այս առիթով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ վաստակաշատ խմբագիր, հրապարակագիր, քոլեճի 1969-ի շրջանաւարտ Նազարէթ Պէրպէրեան, որ նկատել տուաւ, թէ Սոֆիա Յակոբեան իր ծնունդով ծանրութեան կեդրոն դարձաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Քոլեճը հպարտութիւն ներշնչած է ու կը ներշնչէ հաւաքական կեանքի ճառագայթումին վրայ իւրաքանչիւր հայու մտքին ու հոգիին մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ պատահական ձեւով Պուրճ Համուտը չդարձաւ սփիւռքի սիրտը, եթէ հիւղաւաններու մէջ մեր հայրերը չստեղծէին նախակրթարաններ, եթէ կարիքը չզգային կրթութեան, ո՛չ ուսուցիչներ, ո՛չ տնօրէններ, ո՛չ ոք կը պատկերացնէր, թէ ի՛նչ պիտի փոխուէր այդ դպրոցի ստեղծած բոյրով: Արեւմտահայերէնի ծարաւ ունէինք, սեփական պայմաններով հոգեմտածողական պայմաններու լոյսի տաճար, որ իրականացաւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ստեղծումով: Բուռ մը հայեր լոյսի տաճար ստեղծեցին: Այսքան արագ ընթացող հայութեան կեանքի վերիվայրումներուն մէջ այս դարբնոցը հայկական ինքնութեան որակ մը եղաւ, պուրճհամուտեան ինքնութիւն մը, որ հպարտութեամբ կը նայի իր կենսունակութեան մտածողութեան: Սոֆիա Յակոբեանի շրջանաւարտներու, ուսուցիչներու, ուր ալ հանդիպինք, պիտի տեսնենք հայու հպարտութիւնը, ինքնավստահութիւնը, որ գոյութեան պայքարի մէջ կը մեծցնէ մեզ ազգովին: Պէրպէրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ հպարտութեան շքանշան թող ըլլայ յիսնամեակը:


Այս առիթով Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան ելոյթ ունեցաւ եւ ըսաւ, թէ քոլեճը մասնակից է ազգային շունչի պահպանման գործին եւ հայ նկարագիր դարբնելու աշխատանքին: Սերունդներ դաստիարակչական հնոցէն անցեր ու ստանձներ են պատասխանատու պաշտօններ աշխարհի զանազան գաղութներու մէջ: «Եկած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու անոնց, որոնք դիմագիծ ու նկարագիր տուած են հայ սերունդներուն: Մեզ համախմբողը միշտ ալ հայ դպրոցը կը հանդիսանայ, որ պատմական հարուստ անցեալով ներկայի երաշխիքը կը հանդիսանայ: Հայ սերունդներուն կը կտակէ հայութեան գոյատեւման անընկճելի կամքը», ըսաւ ան, ապա շարունակեց. «Հայ դպրոցը մեր գոյութեան պայքարին մէջ գործօն մասն է մեր ազգային վերելքին. ուժեղ ենք, երբ կը հաւատանք մեր ինքնութեան ու գոյութեան: Ազգովին կառչինք մեր անժամանցելի արժէքներուն եւ ազգային արժանապատուութեամբ ապրելու տենչին»:
Նոյն առիթով ելոյթ ունեցաւ յիսնամեակի տօնակատարութիւններու նախագահ, քոլեճի 1974-ի շրջանաւարտ Սիւզան Սասունեան-Կիտցինեան, որ ըսաւ, թէ յաղթանակի օր է, ձեւով մը հաշուեյարդար` արժեւորելու առաքելութիւնը Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի ուղեւորութեան, որ տուած է բազմաթիւ հունձքեր, պատրաստած է շրջանաւարտ սերունդներ հայկական արժէքներով սնած եւ ազգային գոյութեամբ ամրապնդուած: Ան աւելցուց, որ դժուար է հայօրէն ապրիլ, մանաւանդ երբ կը թիավարենք համաշխարհայնացման հոսանքին դէմ: Հայ դպրոցն է վճռակամ պահակը լեզուի մշակներուն եւ հայ մշակոյթին:
Բեմ բարձրացան քոլեճի հին ու նոր տնօրէնները` Կարօ Յովհաննէսեան, Վիգէն Աւագեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանը, տէր եւ տիկին Կիտցինեաններ (յուշամատեանի մեկենաս ամոլը), եւ տեղի ունեցաւ գինեձօնը յուշամատեանին, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը ելոյթ ունեցաւ:

Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց Արամ Ա. հայրապետի ողջոյնն ու օրհնութիւնը այս հանդիսութեան: Ան շեշտեց, որ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը մասնակից է ազգային շունչի պահպանման գործին եւ նկարագիր կերտելու եւ դարբնելու աշխատանքին մէջ:
«Մատեանը իր մէջ կը բովանդակէ պատառիկներ այն յիշատակներէն, որոնք կերտուեցան քոլեճին մէջ: Այնտեղ կայ մեր հաւատքը ազգային կրթութեան սուրբ գործին նկատմամբ: Հայ վարժարանները կը գոյատեւեն մեր գոյութեան համար», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:
Քոլեճի քայլերգով փակուեցաւ հանդիսութիւնը: Հանդիսութենէն` ետք տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն նոյն սրահին մէջ:


