Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարաբաղի Հարցով Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակուին

October 29, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8828_bԻնչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Փարիզի Մարինյի պալատին մէջ երկուշաբթի ուշ երեկոյեան աւարտեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղուած բանակցութիւնները` նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի:

Ֆրանսայի նախագահին հետ առաւօտեան տեղի ունեցած դռնփակ տեսակցութենէն ետք,  Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները բանակցութիւններ ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի մասնակցութեամբ, ապա Սերժ Սարգսեան տեսակցեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Բանակցութիւններուն արդիւնքները ուշ երեկոյեան ամփոփուեցան նախագահներ Ֆրանսուա Հոլլանտի, Սերժ Սարգսեանի, Իլհամ Ալիեւի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի միացեալ հանդիպման ժամանակ:

Ըստ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներուն հետ կապերու վարչութեան, խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ երկխօսութեան շարունակումը եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը: Ընդգծուած է տագնապի խաղաղ լուծման  այլընտրանքի բացակայութիւնը: Պայմանաւորուածութիւն գոյացած է կողմերուն միջեւ շարունակելու բարձր մակարդակի բանակցութիւնները:

«Ղարաբաղեան տագնապի հարցին մէջ յառաջ շարժելու համար անհրաժեշտ է համընդգրկուն խաղաղ համաձայնագիր մշակել», ըստ Ֆրանսայի նախագահի մամլոյ ծառայութեան` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն դիմելով ըսած է Հոլլանտ: Ֆրանսայի ղեկավարը ընդգծած է երկու կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ  առկայ լարուածութեան արդիւնաւէտ նուազեցման անհրաժեշտութիւնը:

Ֆրանսուա Հոլլանտ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն նաեւ կոչ ուղղած է բանակցութիւններու միջոցով ղարաբաղեան տագնապի ամուր լուծման ուղղութեամբ աշխուժացնելու ջանքերը` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համապատասխան եւ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ սահմանուած սկզբունքներուն հիման վրայ: Հոլլանտ անընդունելի նկատած է սթաթիւս քոյի պահպանումը` առաջարկելով համապարփակ խաղաղ համաձայնագիր մշակել:

Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն կոչ ուղղած է տարակարծութիւններու յաղթահարման եւ իրենց բնակչութիւնը խաղաղութեան նախապատրաստելու համար անհրաժեշտ քաղաքական կամք դրսեւորելու:

Ըստ ֆրանսական կողմին, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ պայմանաւորուած են շարունակելու  երկխօսութիւնը, ներառեալ` հանդիպելու  յառաջիկայ տարի Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի հերթական նստաշրջանին ընթացքին:

Երեկոյեան Էլիզէի պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահը սարքեց պաշտօնական ընթրիք ի պատիւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն:

Նալբանդեան. «Նախագահներու Հանդիպումը
Ես Կը Բնորոշէի Կառուցողական, Օգտակար Եւ Անկեղծ»

8829_b«Մենք շնորհակալ ենք Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ Փարիզի մէջ նախագահներու մակարդակով հանդիպում կազմակերպելու համար: Վերջին երեք ամսուան ընթացքին ասիկա արդէն երրորդ հանդիպումն է նախագահներու` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման վերաբերեալ, եւ ատիկա ցոյց կու տայ, որ եռանախագահող երկիրները հաստատակամ են շարունակելու իրենց միասնական գործուն ջանքերը` ուղղուած տագնապի լուծման: Այդ բովանդակութեան մէջն էր նաեւ այս հանդիպումը Փարիզի մէջ», յայտարարած է նախարար Էդուարդ Նալբանդեան: Ան աւելցուցած է. «Մենք բարձր կը գնահատենք բոլոր այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են հանդիպումներու կազմակերպման, յատկապէս ամէնէն բարձր մակարդակով, որոնք կարելիութիւն կու տան կողմերուն աւելի լաւ ծանօթանալու իրարու մօտեցումներուն եւ փնտռելու դիրքորոշումները մօտեցնելու կարելիութիւնները»,  ըսած է նախարարը:

«Այս հանդիպումը ես կը բնորոշէի իբրեւ  շինիչ, կառուցողական, օգտակար եւ անկեղծ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ նաեւ վստահութեան ամրապնդման ձեւեր են, որոնք առաջարկուած էին Ֆրանսուա Հոլլանտի կողմէ, տակաւին մայիսին շրջան իր այցելութեան ընթացքին, եւ որոնք ողջունուած էին նաեւ եռանախագահներուն կողմէ: Մեր եւ եռանախագահներու  մօտեցումները նոյնն են: Այդ կարգի վստահութեան միջոցառումները կրնան լաւ պայմաններ ստեղծել յառաջընթաց արձանագրելու համար բանակցային հոլովոյթին մէջ: Ազրպէյճանի մօտեցումը քիչ մը այլ է: Իրենք, այսպէս կոչուած, այլ ծայրէն կը մօտենան, որովհետեւ կը կարծեն, որ բանակցութիւններու յառաջընթացը կրնայ պայմաններ ստեղծել վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն համար: Բնականաբար, ատիկա քիչ մը տարբեր մօտեցում է, բայց յայտնի մօտեցում է, որ նաեւ նախապէս եղած է: Այս հանդիպումին ընթացքին նախագահները նաեւ քննարկեցին այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին շրջանային, միջազգային խնդիրներուն, որոնք բաւական հետաքրքրական  քննարկումներ էին, որոնք ցոյց տուին, որ կան հարցեր, որոնց նկատմամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մօտեցումները կրնան նաեւ մօտիկ  ըլլալ»,  շեշտած է Նալբանդեան:

Ուորլիք. «Փարիզեան Հանդիպումը Դրական Քայլ Էր»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման` ատիկա դրական քայլ նկատելով: Այդ մասին ան գրած է «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ:

«Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կը համաձայնին, որ Փարիզի վեհաժողովը դրական քայլ էր, շնորհակալութիւն Ֆրանսուա Հոլլանտին», գրած է Ուորլիք:

 

 

 

Նախորդը

«Թեւանիկ»-ը Կը Ցուցադրուի Եւրոպայի Մէջ Ապրող Հայ Հանդիսատեսին

Յաջորդը

Էվրա Մէկ Ամիսով Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.