Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեց Մարտակերտի շրջանի Տօնաշէն գիւղ, ուր մասնակցեցաւ արցախեան ականաւոր քաղաքական եւ ռազմական գործիչ Շահէն Մեղրեանի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին նախագահ Սահակեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ ունեցած բացառիկ ծառայութիւններուն, ցուցաբերած քաջութեան եւ անձնական արիութեան համար յետմահու «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչման արժանացած Շահէն Մեղրեանի որդիին յանձնեց «Ոսկիէ արծիւ» շքանշանը:
Երկրին ղեկավարը բարձր գնահատեց Շահէն Մեղրեանի դերակատարութիւնը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ, մեր պետականաշինութեան գործին մէջ` նշելով, որ անոր կեանքն ու գործունէութիւնը հայրենիքին անձնուիրաբար ծառայելու լաւագոյն օրինակ է:
Նախագահ Սահակեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն մէջ ցուցաբերած արիութեան եւ անձնական խիզախութեան համար պարգեւներ յանձնեց նաեւ Շահումեանի ինքնապաշտպանութեան ջոկատի խումբ մը մարտիկներու: «Արիութեան համար» մետալով պարգեւատրուեցաւ երկու հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով` վեց հոգի, որոնցմէ երեքը` յետմահու:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, պաշտօնատարներ եւ հիւրեր` Հայաստանէն եւ արտերկրէն:


