Նախագահ Սահակեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Հռոմի Մէջ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հռոմի մէջ նախանցեալ օր տեսակցած է Իտալիոյ Ծերակոյտի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մնայուն յանձնախումբի նախագահ Լուիճի Մանքոնիի հետ: Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի պաշտօնական կայքին` հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղ - Իտալիա յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզին մէջ գործակցութեան: Նախագահ Բակօ Սահակեան նաեւ հանդիպում ունեցած է ԻՓԱԼՄՕ հետազօտական հիմնարկի...



















