Գիւմրիի Մէջ Նշուեցաւ 1988-ի Աւերիչ Երկրաշարժին 26-Ամեակը
Երէկ` կիրակի, 7 դեկտեմբերին, Գիւմրիի մէջ յարգուեցաւ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Առաւօտեան հոգեհանգստեան պատարագ մատուցուեցաւ Շիրակի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Օրուան ընթացքին մարդաշատ էին ինչպէս Գիւմրիի մէջ գործող եկեղեցիները, նոյնպէս ալ գերեզմանատուները: Մարդիկ երկրաշարժէն 26 տարի ետք դարձեալ կ՛այցելեն աղէտին զոհ գացած իրենց հարազատներուն շիրիմները` սգալու անոնց կորուստը: Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանի ձեռամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան...



















